Այսօր կը լրանայ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրման վեցերորդ տարեդարձը, որով աւարտեցաւ 44-օրեայ պատերազմը։
Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներ Նիկոլ Փաշինեանի, Վլատիմիր Փութինի եւ Իլհամ Ալիեւի ստորագրած փաստաթուղթով՝ Սեպտեմբեր 27-ին սկսած պատերազմը կանգ առաւ զօրքերու գրաւած դիրքերուն վրայ։ Հայկական կողմը Ատրպէյճանին յանձնեց Լեռնային Ղարաբաղի յարակից եօթը շրջանները, իսկ Ղարաբաղի մէջ տեղակայուեցան ռուս խաղաղապահ ուժեր։
Իննը կէտերէ բաղկացած յայտարարութեան շարք մը դրոյթներ, սակայն, այդպէս ալ կեանքի չկոչուեցան։ Մասնաւորաբար, չիրականացան շրջանին մէջ բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերու ապաշրջափակման, ինչպէս նաեւ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու փոխանակման վերաբերեալ համաձայնութիւնները։
Պաշտօնական վերջին տուեալներուն համաձայն՝ պատերազմի ընթացքին հայկական կողմէն զոհուած է 3833 անձ, որոնցմէ 3755-ը՝ զինուորականներ, իսկ 78-ը՝ քաղաքային բնակիչներ։ Վեց տարի անց տակաւին անյայտ է 191 անձի գտնուելու վայրը, որոնցմէ 172-ը զինուորականներ են, իսկ 19-ը՝ քաղաքային բնակիչներ։
Եռակողմ յայտարարութենէն գրեթէ երեք տարի ետք՝ 2023 թուականի Սեպտեմբեր 19-ին, Ատրպէյճան լայնածաւալ ռազմական յարձակում գործեց Լեռնային Ղարաբաղի դէմ՝ ամբողջութեամբ իր վերահսկողութեան տակ առնելով շրջանը։ Աւելի քան 100 հազար հայեր ստիպուած եղան լքելու իրենց տուները, իսկ Ղարաբաղի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարները գերեվարուեցան եւ փոխադրուեցան Պաքու։
2024 թուականի Յունիսին՝ նախատեսուած ժամկէտէն շուրջ տարիուկէս առաջ, ռուս խաղաղապահները ամբողջութեամբ հեռացան արդէն հայաթափուած Լեռնային Ղարաբաղէն։
2025 թուականի Օգոստոս 8-ին Երեւանն ու Պաքուն Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրեցին խաղաղութեան համաձայնագիրը, որ, սակայն, մինչեւ օրս չէ ստորագրուած։ Ատրպէյճան կը շարունակէ որպէս նախապայման առաջադրել Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը՝ պնդելով, թէ անոր մէջ տարածքային պահանջներ կան։