image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի որոշ ընտրատեղամասերու մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէներու վերահաշվարկ պիտի կատարուի

Հայաստանի որոշ ընտրատեղամասերու մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէներու վերահաշվարկ պիտի կատարուի

Հայաստանի ընտրատարածքային ընտրական յանձնաժողովները յունիս 9-ին ժամը 12:00-ին պիտի գումարեն նիստեր՝ վերահաշուարկ իրականացնելու դիմումներու, ինչպէս նաեւ վերահաշուարկ իրականացնելու նպատակով ԸԸՀ-ներու կողմէ վիճակահանութիւններ կայացնելու օրակարգով:

Այս մասին յայտնած են Կեդրոնական ընտրական յանձաժողովի գրասենեակէն։

«Ընտրական օրէնսգրքի կարգաւորումների համաձայն՝ վերահաշուարկի աշխատանքները պէտք է մեկնարկեն յունիսի 9-ի ժամը 14:00-ից»,– ըսուած է ԿԸՅ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։