image

Արցախէն տեղահանուած 25 հազար մարդ պետական աջակցութեամբ անշարժ գոյք ձեռք բերած է կամ տուն կը կառուցէ

Արցախէն տեղահանուած 25 հազար մարդ պետական աջակցութեամբ անշարժ գոյք ձեռք բերած է կամ տուն կը կառուցէ

Արցախէն բռնի տեղահանուած շուրջ 25 հազար քաղաքացի պետութեան աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ անշարժ գոյք ձեռք բերած է կամ կը գտնուի բնակարանի կառուցման փուլին մէջ։ Այս մասին հրաւիրուած ասուլիսին յայտնած է ՀՀ աշխատանքի եւ բարեկեցութեան նախարարի խորհրդական Գայեանէ Ղարագէօզեանը։

Անոր խօսքով՝ բնակարանային ապահովման պետական աջակցութեան ծրագիրով արդէն հաստատուած է 9042 ընտանիքի հաւաստագիր, որոնք կ՚ընդգրկեն շուրջ 37 հազար մարդ։ Անոնցմէ 5372 ընտանիք արդէն իրացուցած է հաւաստագիրը։

«Այս պահին բաւականին ակտիւ շրջան է՝ թէ՛ դիմելիութեան, թէ՛ հաւաստագրերի իրացման առումով»,– նշած է Ղարագէօզեանը։

Նախարարութեան պաշտօնեան աւելցուցած է, որ հաւաստագիր ստացած ընտանիքներէն 396-ն ընտրած է բնակարանի կառուցման տարբերակը, որոնցմէ 107-ն արդէն իրացուցած է հաւաստագիրը։

«Սակայն հիմա ունենք մի իրավիճակ, որ երկրորդային շուկայում պատրաստի տները կարծես սպառուել են, եւ մեր շահառուների մեծ մասն այլեւս ապաւինում է կառուցապատման բաղադրիչին»,–ըսած է ան։

Ամենաշատ հաւաստագրերն իրացուած են Կոտայքի մարզին մէջ։ Ըստ ներկայացուած տուեալներու՝ այնտեղ բնակարան ձեռք բերած է 1534 ընտանիք։ Կը յաջորդեն Արմաւիրի եւ Արարատի մարզերը՝ համապատասխանաբար 830 եւ 740 ընտանիքով։ Երեւանի մէջ հաւաստագիր իրացուցած է 537 ընտանիք։

«Լոռին եւ Սիւնիքը՝ 442 եւ 264 ցուցանիշով, Գեղարքունիքում ունենք 204 ընտանիք, Շիրակում՝ 191, Արագածոտնում՝ 184, Տաւուշում՝ 111, Վայոց Ձորում՝ 74 ընտանիք, որոնք իրացրել են հաւաստագրերը»,–ըսած է ան:

Անդրադառնալով անշարժ գոյքի գիներու բարձրացման վերաբերեալ մտահոգութիւններուն՝ ան նշած է, որ խնդիրը հիմնական կը վերաբերի Երեւանին, ուր ծրագիրով նախատեսուած աջակցութեան չափը իւրաքանչիւր ընտանիքի անդամի հաշուով 3 միլիոն դրամ է։

Յիշեցնենք՝ ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան գաղթի եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան տուեալներով՝ 2023 թուականի սեպտեմբերէն ետք Արցախէն 115 365 մարդ բռնի տեղահանուած է։