Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ թելեկրամեան ալիքով համերկրացիները շնորհաւորած է Ռուսիոյ օրուան կապակցութեամբ՝ հրապարակելով գծագրային քարտէզ, ուր Ռուսիոյ Դաշնութեան պետական դրօշի գոյներով ներկուած է նաեւ հարեւան Ուքրանիան:
Եռագոյնը կը սկսի գունաւորել Ռուսիոյ տարածքը՝ սկսած արեւելքի մէջ Քուրիլեան կղզիներէն եւ աստիճանաբար կը հասնի արեւմտեան սահմաններուն՝ ներառելով ժամանակակից Ուքրանիոյ տարածքը` ընդ որում, ոչ միայն անոր արեւելեան շրջանները, այլեւ Քիեւը եւ արեւմտեան շրջանները: