Մեծ Բրիտանիոյ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան վարչապետ Լիզ Թրաս այսօր յայտարարած է հրաժարականի մասին:
Անոր կառավարութիւնը վերջին շաբաթներուն խիստ քննադատութեան ենթարկուած է տնտեսական եւ ֆինանսական բարեփոխումներու անյաջող ծրագիր ներկայացնելու եւ անկէ որոշ ժամանակ անց հրաժարելու կապակցութեամբ:
Այդ նախաձեռնութեան եւ, մասնաւորապէս, հարկային փոփոխութիւններու առաջարկի հետեւանքով Բրիրտանիոյ տնտեսական շուկային մէջ անկայունութիւն սկսած է:
Լիզ Թրասի հրաժարականը պահանջած են ոչ միայն ընդդիմադիր աշխատաւորականները, այլեւ պահպանողական կուսակցութենէն շարք մը անուանի գործիչներ: Թրաս պաշտօնավարած է ընդամէնը վեց շաբաթ: