image

Մեծ յուզումով՝ երիտասարդուհի Սեւան Չիրիշեան հողին յանձնուեցաւ

Մեծ յուզումով՝ երիտասարդուհի Սեւան Չիրիշեան հողին յանձնուեցաւ

ՀՆԳՑ. ՕՐԴ. ՍԵՒԱՆ ՉԻՐԻՇԵԱՆԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ

Օրերս մահացած եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի աշխոյժ անդամներէն Սեւան Չիրիշեան յուզումնալից մթնոլորտի մը մէջ հողին յանձնուեցաւ։

Վերջին հրաժեշտի արարողութեանց նախագահեց Սուրիոյ հայ Աւետարանական համայնքապետ՝ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

Ուրբաթ, 16 Փետրուար 2024_ին Հայ Աւետ. Բեթէլ եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ հանգուցեալ օրդ. Սեւան Չիրիշեանի յուղարկաւորութեան պաշտամունքը, ներկայութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, Բերիոյ  Կաթողիկէ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Արհ. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Արաբ Երիցական Եկեղեցիի հովիւ Վեր. Իպրահիմ Նսէյրի, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Մեծարգոյ Հիւպատոս Տիար Բաբգէն Պատալեանի, Գերյարգելի, Պատուելի, Վերապատուելի հովիւներ, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներու, հանգուցեալի պարագաներուն եւ հարազատներուն։

Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը սկիզբ առաւ Պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեանի աղօթքով, ապա շարունակուեցաւ Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու Միացեալ երգչախումբի երգեցողութեամբ եւ "Տէր Ողորմեա" շարականով։

Տեսերիզով ներկայացուեցաւ հանգուցեալին կենսագրականն ու  քառորդ դար եւ աւելի Սուրիոյ   Հայ Աւետ. Համայնքէն ներս իր ունեցած ծառայութեան տեղեկատուութիւնը։

Պաշտամունքի ընթացքին պատգամը փոխանցեց Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։ Ան իր խօսքին մէջ վեր առաւ Յայտնութեան գիրքին մէջ մեզի տրուած  նոր երկինքի եւ նոր երկրի պատկերը, ուր Աստուած կը սրբէ մեր աչքերէն ամէն արցունք, եւ այլեւս մահ, սուգ, լաց կամ ցաւ չըլլալը: Վերապատուելին ըսաւ."Յարութեան յոյսն է, որ կը պահպանէ մեզ մեր ամենամութ պահերուն, տալով ապագայի խոստումը, ուր վիշտն ու տառապանքը այլեւս չկան:

Եկէք ամուր կառչինք յարութեան այս խոստումին՝ իմանալով, որ մահը վերջաւորութիւն չէ, այլ անցում դէպի փառաւոր նոր սկիզբ: Թող Սեւանին կեանքը շարունակէ ոգեշնչել մեզ ըլլալու բուժումի եւ հաշտեցումի գործակիցներ յուսահատ աշխարհի մը մէջ, ուր յոյսի եւ սիրոյ կարիք կայ"։

Ընթերցուեցան դամբանականներ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն Տիար Զաւէն Խանճեանի, Հայ Աւետ. Բեթէլ Եկեղեցիի Միացեալ Ժողովի, Սուրիոյ Ք. Ջ. Գործադիր Մարմինի եւ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Կրթական Խորհուրդին կողմէ։

Յուղարկաւորութեան ընթացքին հանգուցեալ Օրդ. Սեւան Չիրիշեան Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի ձեռամբ յետ մահու պարգեւատրուեցաւ Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Միութեան նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի կողմէ Միութեան քսանհինգ ամեայ ծառայութեան շքանշանով։

Յետ յուղարկաւորութեան ցաւակցութիւնները ընդունուեցան Բեթէլ Եկեղեցիի "Փօլատեան" սրահէն ներս։