image

Երիտասարդ հայուհի Սեւան Չիրիշեանի մահը՝ Հալէպի մէջ

Երիտասարդ հայուհի Սեւան Չիրիշեանի մահը՝ Հալէպի մէջ

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի երիտասարդ անդամ Սեւան Չիրիշեանի մահը կը սգան հարազատներն ու անոր ճանչցողները։

«Արեւելք»-ի՝ Հալէպի աղբիւրներու համաձայն, Սեւան Չիրիշեանը որոշ առողջական խնդիրներով դիմած է բժիշկի, եւ հետազօտուելէ կարճ ժամանակ անց անոր մօտ յայտնաբերուած է չարորակ ուռուցք։

Ստացած է համապատասխան բուժումներ, սակայն, ցաւօք, բժիշկները չեն յաջողած փրկել անոր կեանքը։

Նշենք, որ Սեւանը, ըլլալով Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հաւատաւոր անդամ, նաեւ մասնակից եղած է համայնքային կեանքին։

Անոր մահուան առթիւ հակիրճ մահագրական հրապարակած է Հայ Աւետ. Բեթէլ եկեղեցին, մասնաւորապէս գրելով.

«Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ, Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու Միութեան Կեդրոնական Մարմինը, Հայ Աւետ. Բեթէլ Եկեղեցիի Միացեալ Ժողովն ու Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Կրթական Խորհուրդը սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն մահը համայնքի զաւակ, երկարամեայ վաստակաշատ ծառայութիւն ունեցող Սուրիոյ Հայ Աւետ. Բեթէլ եկեղեցիի քարտուղարուհի հանգուցեալ Օրդ. Սեւան Չիրիշեանի մահը (ծնեալ 1976-ին, Հալէպ), որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 15 Փետրուար 2024-ին, Հալէպի մէջ։

Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի ընտանիքին եւ հարազատներուն։

Յիշատակը օրհնեալ ըլլայ»։