Հալէպի մէջ իրավիճակի թէժացման հետեւանքով Պէյրութ ապաստանած Պապայաններու ընտանիքը տարի մը առաջ փափաք յայտնած էր Հայաստան հաստատուիլ: «Արեւելք» անոնց ձայնը լսելի դարձնելով, պարագան յաձնած էր այս հարցերով զբաղուող կողմերու ուշադրութեան:
Այսօր, մէկ տարի անց, «Արեւելք» կարճ զրոյց մը ունեցաւ ընրանիքի մօր՝ Նորմա Պարսումեան-Պապայեանի հետ:
«Այսօր մենք արդէն Հայաստան գալու մէկ տարին բոլորեցինք: Անշուշտ դժուարութիւններ եղան սկիզբը, որովհետեւ նոր քաղաք, նոր ժողովուրդ, նոր տուն եւ նոր միջավայր մը եկած էինք, բայց հիմա արդէն վարժուեցանք ամէն ինչի եւ շատ ուրախ ենք, որ մէկ տարի առաջ ճիշդ որոշում մը կայացուցինք: Իմ փափաքս է, որ հոս շարունակեմ կեանքս, իմ զաւակներս հոս մեծնան»,-«Արեւելք»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Նորմա Պապայեան, աւելցնելով, որ իրենք Հալէպ վերադառնալու նպատակ ընդհանրապէս չունին, «բայց օրերը ինչ կը բերեն չեմ գիտեր...»:
Զրոյցի ատեն Տիկ. Նորմա առիթը բաց չթողեց շնորհակալութիւն յայտնելու Հայաստան հաստատուելու մէջ իրենց աջակցութեան ձեռք մեկնողներուն. «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք ինծի կռնակ կեցան, որմենք կարողանանք հայրենիք հաստատուիլ: Սկզբնական շրջանին մեզ բոլորը օգնեցին եւ նեղութեան մէջ չձգեցին: Ճիշդ է, որ սկիզբը օտարութիւն եւ շատ դժուարութիւն ունեցանք, բայց բարի մարդիկ նիւթապէս նեցուկ եղան եւ օգնեցին յաղթահարել այդ ամէնը»:
Երկու անչափահաս երեխաներու մայր Նորմա Պապայեան նաեւ ըսաւ, որ ցարդ բոլոր դժուարութիւնները չեն յաղթահարուած եւ աւելցուց. «Ամուսնոյս գործ մը գտնելը երկար ժամանակ առաւ: Կ'աշխատի, բայց Հայաստանի մէջ մէկ անձի աշխատանքով ապրիլը դժուար է, անոր համար չեմ կրնար ըսել, որ ուրախ ենք, դժուարութիւններ անկասկած որ ունինք, բայց մեր յոյսը երբեք չենք կտրեր»:
Անդրադառնալով երեխաներուն՝ ան ուրախութեամբ յայտնեց, որ դուստրը շատ ոգեւորությամբ դպրոց կերթայ, ան 3-րդ դասարանի աշակերտ է. «Իրեն երբեք չեն զգացներ, որ օտար քաղաքէ եկած է, արդէն վարժուեցաւ եւ շատ ուրախ է: Իսկ 2 տարեկան տղաս հայրենիքի խաղաղ երկինքին տակ կը մեծնայ», -ըսաւ Նորմա, նշելով, որ այսքանը բաւարար պատճառ է, որ իրենք ուրախ զգան Հայաստանի մէջ:
Ան, խօսելով ապագայի ակնկալիքներու եւ երազներու մասին, ըսաւ.«Շատ կը փափաքիմ, մեծ երազս է, որ հոս տուն մը ունենամ: Քիչ մը դժուար է անշուշտ հոս տուն ունենալը, բայց յոյսս Աստուծոյ վրայ է, երբեք յոյսս չեմ կտրեր»:
Յիշեցնենք, որ տարի մը առաջ, Յովսէփի եւ Նորմայի ու անոնց զաւակներուն՝ Ռիթայի եւ Լեւոնի Հայաստան տեղափոխուելու կոչին ընդառաջած էին «Հալէպ» բարեսիրական միութիւնն ու անհատ բարերարներ, որոնք յարմար կարգադրութիւններ ընելով զիրենք տեղաւորած էին բնակարանի մը մէջ: Անհատ բարերար, նախկին լիբանանահայ Ռաֆֆի Տուտագլեան ձեռնամուխ եղած էր լուծելու անոնց կեցութեան եւ ապրուստի հարցերը: