image
Հրատապ լուրեր:

Մերքէլ պիտի միջնորդէ՞ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ բանակցութիւններուն

Մերքէլ պիտի միջնորդէ՞ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ բանակցութիւններուն

Գերմանիոյ նախկին կանցլէր Անկելա Մերկէլ յայտարարած է, որ ապագային կրնայ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւններուն միջնորդի դեր ստանձնել:

Պատասխանելով հարցին, թէ պատրա՞ստ է այժմ ստանձնելու այդ գործը, Մերքէլ նշած է, որ այս պահին այդ չի քննարկուիր:

Նախկին կանցլէրը նաեւ յիշած է, որ պաշտօնէն հեռանալէն կարճ ժամանակ առաջ փորձած է ուքրանական ճգնաժամի լուծումը գտնել, սակայն չէ հասցուցած:

Բացի այդ, Մերքէլը չէ բացառած, որ պաշտօնէն իր հեռանալը, Ֆրանսայի մէջ կայացած ընտրութիւննները, Աֆղանիստանէն ԱՄՆ զօրքի դուրսբերումն ու այսպէս կոչուած Մինսքեան պայմանաւորուածութիւններու կատարման գործընթացի «լճացումը» կրնար պատճառ դառնալ Ուքրանիոյ մէջ ռուսական ռազմական գործողութիւններուն համար: