Առաջարկս է, որ մեռելները հանգիստ ձգենք` անոնց հոգւոյն համար: Յարգենք անոնց յիշատակը եւ ոչ ցուցական յարգանքի արժանացնենք զանոնք:
Ուրիշ ոչինչ:
Ամէն մարդ կը սգայ եւ ունի սուգ: Ամէն մարդ պէտք է գիտնայ իր չափը:
Վերջին տարիներուն, մանաւանդ «Քորոնա» ժահրէն ետք, Դիմատետրի եւ այլ ընկերային ցանցերու վրայ մահուան լուր տարածելու արշաւ մը կայ:
Գիտցող-չգիտցող, ճանչցող-չճանչցող` «լայքեր», «սրտիկներ», «արցունքներ», սրտի խօսքեր եւ ամէնէն կարեւորը` շեր ընել (անձնական էջերուն վրայ բաժնեկցիլ):
Յարգելով մեռնողներուն յիշատակը, յարգելով պայմանները, անձը, հարազատները, պարագաները` վե՛րջ տուէք այս խեղկատակութեան:
Մարդ կայ` կարծես հաճոյք կը ստանայ մահուան լուրերը տարածելէ եւ նոյնիսկ տեղ մը արտայայտուած է, որ Դիմատետրի իր էջը շատ փնտռուած է:
Մարդ կայ` կարծես գործի վերածած է ասոր անոր դրածներուն «լայք» փակցնելը: Այլ խօսքով, ինք ուշի ուշով հետեւողի դիրքին մէջ կ՛ուզէ ըլլալ, այնպէս, որ աչքէն ոչինչ կը վրիպի:
Պատահեցաւ, որ նախորդ շաբթուան ընթացքին երկու երիտասարդ մայրերու մահուան լուրը տարածուեցաւ ընկերային ցանցերու վրայ: Ցաւալի է, սակայն տրամաբանական սահմաններու մէջ պէտք է ընկալել գոյժը:
Մէկը մտածե՞ց նոյն օրերուն Հայաստանի սահմաններուն վրայ քսանամեայ զինուորի մը կորուստին մասին, ան` իր դիրքէն դէպի զօրանոց ճամբուն վրայ ձիւներուն մէջ մնացած է, եւ գիւղացները անոր դիակը գտած են։
Պարզ օրինակ մըն է ասիկա մեր շուրջ տիրող բազում դժբախտութիւններէն:
Հետաքրքրական եւ կազմակերպուած մակերեսայնութիւնը այնքա՛ն տիրական է մեր շրջապատին մէջ, որ ուղեղները տափակցած են, վերածուած ենք պատեհապաշտ էակներու, որոնք օրը օրին կ՛ապրին:
Առաջարկս է, որ մեռելները հանգիստ ձգենք` անոնց հոգւոյն համար: Յարգենք անոնց յիշատակը եւ ոչ ցուցական յարգանքի արժանացնենք զանոնք:
Ուրիշ ոչինչ:
Ամէն մարդ կը սգայ եւ ունի սուգ: Ամէն մարդ պէտք է գիտնայ իր չափը:
Յակոբ Լատոյեան
Նիւթը՝ «Ազդակ»էն