image
Հրատապ լուրեր:

Մերալ Աքշէնէրի հրաժարականը. Թուրքիոյ ընդդիմութիւնը դէպի ո՞ւր

 Մերալ Աքշէնէրի  հրաժարականը. Թուրքիոյ  ընդդիմութիւնը  դէպի ո՞ւր

 Մերալ Աքշէնէրի  հրաժարականէն ետք, Թուրքիոյ  ընդդիմութիւնը  դէպի ո՞ւր։ 

 

Ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ Թուրքիոյ մէջ։ Ներ-քաղաքական ցնցումները ո՞ւր կրնան տանիլ յետ-երկրաշարժեայ բաւականին բարդ փուլի մը մտած այսօրուան Թուրքիան։ Այս հարցումները կը տրուին յատկապէս այն պահուն, երբ Թուրքիոյ ընդդիմութեան «Վեցոտնեայ սեղան»ը յօդս կը ցնդի այն պատճառով, որ «Էյի» կուսակցութեան առաջնորդ Մէրալ Աքշէմէր հեռացաւ այդ դաշինքէն, բանալով մեծ հարցումներու «բանտորա»ի հին-նոր տուփը։ 

Այս բոլորին մասին իր մեկնաբանութիւնները ներկայացուցած է Սագօ Արեանը, որ Թուրքիոյ մէջ պատահած զարգացումներուն առթիւ կը ներկայացնէ կարեւոր դիտարկումներ։

Մնացեալը ՝տեսանիւթին մէջ։

 Միւս կողմէ, երեւելի է, որ Թուրքիոյ քաղաքական պարունակի ներկայացուցիչներ կը շարունակեն բուռն կերպով մեղադրանքներ հնչեցնել երկրի իշխանութեանց դէմ։

Անոնցմէ է մեր հայրենակից՝ Կարօ Փայլանը,որ թրքերէնով եղած ելոյթը (հայերէնի թարգմանելով) կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն (տեսանիւթին մէջ)։

Չմոռնանք յիշեցնել մեր ընթերցողներուն բաժանորդագրուիլ  Arevelk.am Youtube-եան ալիքին ու նաեւ հարկ եղած պարագային մեկնաբանութիւններ թողել նիւթերուն տակ։