Պուրճ Համուտի Կիլիկիա թաղամասին մէջ ապրողներուս համար Ս. Զատկուան շաբաթուան ընթացքին յատուկ մթնոլորտ կը ստեղծուէր:
Ամբողջ թաղը Զատկուան քեխքէ կը բուրէր: Թէեւ ամէն տուն անպայման քեխքէ կը պատրաստէր, բայց եւ այնպէս, ամբողջ թաղի բնակիչները իրարու քեխքէները կը համտեսէին:
Անկէ առաջ արդէն կը սկսէին գնումները: Թաղի խանութպան պարոն Ստեփանը տուփերով հաւկիթները, պարկերով ալիւրն ու շաքարը, ինչպէս նաեւ պէտք եղած համեմները ապահոված կ՛ըլլար արդէն: Անշուշտ ան յատուկ տետրակ մըն ալ ունէր պարտքով գնողներուն համար: Թաղին մեծամասնութիւնն ալ պարտքով կ՛առնէր քեխքէի բաղադրիչներն ու հաւկիթները:
Կար նաեւ փռապան Նշանը, որ շաբաթներ առաջ արդէն իսկ ժամանակացոյց կազմած եւ ժամադրութիւններ տուած կ՛ըլլար: Այդ օրերուն քեխքէները կ՛եփէին փռապաններուն մօտ, որոնք այլապէս ալ, հացի կողքին, փուռին մէջ ճաշեր կ՛եփէին: Իւրաքանչիւր թաղ ալ ունէր իր փռապանը:
Ուրեմն Նշանին փուռէն ժամադրութիւն ապահովելը չէր բաւեր, նաեւ պէտք էր սեւ մեծ ափսէներ ապահոված ըլլայինք, որպէսզի քեխքէները անոր մէջ քով քովի շարուէին: Հոն կար նաեւ կիներու վէճն ու կռիւը` ափսէները ապահովելու: Հոն Իսկ այս ափսէները ո՞վ տունէն փուռ պիտի տանէր: Մենք` թաղի պատանիներս: Ամէն մէկս սեւ մեծ ափսէն բռնած` մինչեւ ուշ գիշերները փուռ Նշանին դրան առջեւ կարգի կը սպասէինք: Յետոյ եփած քեխքէները կը թափէին մեծ տաշտի մը մէջ, որ լաւապէս կը փաթթուէր յատուկ կտորով ու կը հրուէր անկողինին տակ: Անկէ ետք ամէն բան հաշուով պիտի ուտէինք: Հօրաքրոջ, հօրեղբօր, տանտիրոջ, դրացիին եւ անտէր ծերերու բաժին պիտի հանուէր: Հիւրերուն ալ բնականաբար բաժին մը պիտի պահուէր: Մնացածը, որուն մէջ ծայրերը այրածները կամ ոչ համաչափ տեսք ունեցողները կ՛ըլլային, մեզի բաժին կ՛իյնար, բայց այդ ալ չափով պէտք էր ուտէինք:
Այլ խօսքով, ամբողջ թաղը` տուներէն մինչեւ փողոցներն ու փուռերը, Զատկուան մթնոլորտի եւ քեխքէներու «տողանցք»-ի մէջ կ՛ըլլային:
Ասոր կողքին, հաւկիթներ ներկելն ու հաւկթամարտը ունէին իրենց յատուկ մթնոլորտը: Թաղին փոքրիկները կը համախմբուէին ու հաւկթախաղ կ՛ընէին, եւ մէկը միւսին կը փոխանցէր իր կոտրած հաւկիթը:
Ս. Զատկուան կիրակի օրը թաղը կ՛ամայանար, բոլորը եկեղեցի կ՛երթային նոր կօշիկով, տաբատով ու շապիկով, որոնք մէկ շաբաթ առաջ Ծաղկազարդին առնուած կ՛ըլլային: Նոյն օրուան կէսօրուան ընտանեկան աւանդական ճաշէն ետք կը սկսէին փոխադարձ այցելութիւններն ու շնորհաւորանքները:
Այսպէս, երբ արագօրէն կը մտաբերենք այդ օրերն ու այն ատեն տիրող մթնոլորտը եւ բաղդատութիւն կատարենք մերօրեայ մթնոլորտին հետ, բաւական անտրամադիր կը դառնանք: Հին օրերուն բազում էին դժուարութիւնները, այս դարու դիւրութիւններն ու զեխութիւնները չկային, բայց կար աւանդական, հարազատ ու սիրալիր մթնոլորտ մը, որուն կարօտ ենք այսօր:
Շնորհաւո՛ր Ս. Զատիկ:
Յակոբ Լատոյեան
«Ազդակ»