Ռուսաստանի Պետական տումայի նախագահ Վյաչեսլավ Վոլոտին յայտնած է, որ Ուքրանիոյ մէջ ռուսական ռազմական գործողութունը «խաղաղութիւն հաստատելու, ռուս ժողովուրդին ցեղասպանութիւնը կասեցնելու, ջարդերն ու պատերազմը կանխելու միակ միջոցն է»։
«Ռուսաստանը ամէն ինչ պիտի ընէ խաղաղութեան հասնելու եւ Ուքրանիան ինքնիշխան պետութիւն դարձնելու համար», յաւելած է Վոլոտինը եւ շարունակեց. «Կայ յատուկ խաղաղապահ գործողութիւն, որ կը շարունակուի արդէն 4 օրէ, մենք բոլորս կը հասկնանք, որ այդ խաղաղութիւնը պաշտպանելու, ռուս ժողովուրդին ցեղասպանութիւնը կասեցնելու, ջարդերը եւ համատարած պատերազմը կանխելու եւ մեր ժողովուրդին ու երկրին ապագայ անվտանգութիւնը ապահովելու միակ միջոցն է»:
Կիրակի օր ՌԴ ԱԳՆ-ն յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ մէջ իշխանութիւնը կորսնցուցած է իր օրինականութիւնը: