image
Հրատապ լուրեր:

«Մեր նպատակն է հանքարդիւնաբերութեան ուժ տալով կերտել հզօր պետութիւն». Արտիոմ Գեղամեան

«Մեր նպատակն է հանքարդիւնաբերութեան ուժ տալով կերտել հզօր պետութիւն». Արտիոմ Գեղամեան

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ իրաւաբան, պետական զանազան պաշտօններ զբաղեցուցած եւ «Հանքարդիւնաբերական Միջազգային Պալատ»ի նախագահ՝ Տիար Արտիոմ Գեղամեան 

-Պրն. Գեղամեան, աշխատանքային երկար ճանապարհ անցած էք, մեզի համար հետաքրքրական է իմանալ, թէ ինչպէս յայտնուեցաք հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ։ 

Հանքարդիւնաբերական ոլորտին մէջ պատահականօրէն յայտնուեցայ։ Միշտ եղած եմ պետական աշխատանքի՝ հանրային ծառայութեան մէջ, թէ՛ Հայաստանի հանրապետութեան պետական մարմնի, եւ թէ՛ Եւրոպայի՝ Սթրազպուրկի խորհուրդին մէջ։ Յետոյ կեանքը այնպէս դասաւորուեցաւ, որ 2014 թուականին առաջարկ ստացայ «Վալէքս» խումբի հիմնադիր եւ գլխաւոր տնօրէն՝ Վալերի Մէճլումեանի կողմէ։ Մէճլումեանի հետ առաջին խօսակցութեան ընթացքին ես հասկցայ, որ հանքարդիւնաբերութիւնը, պետութեան անվտանգութիւնը, բարեկեցութիւնը միասին քալող երեւոյթներ են։ ։ «Վալէքս» խումբէն ներս  աշխատանքնային պայմանագրի պարտադիր կէտերէն մէկն էր անվերապահ հաւատքը Հայաստանի հանրապետութեան նկատմամբ։ Այս դրոյթը զիս ոգեշնչեց եւ կեանքիս ինը տարիները նուիրեցի այդ ընկերութեան եւ շատ բան սորվեցայ հանքարդիւնաբերութեան բնագաւառին վերաբերեալ։ Մասնագիտութեամբ իրաւաբան-փաստաբան ըլլալով, թէ՛ Նիւ Եորքի եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ որպէս «Վալէքս» խումբի ընկերութիւններու իրաւաբան, հանքարդիւնաբերութեան բնագաւառի մեծ՝ «արպիթրաժ»ային դատավարութիւններու փորձառութիւն ունեցայ՝ ընդդէմ Ռուսաստանեան դրամատուներէն մէկուն  , որ կարելի է ըսել, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ամենամեծ դատավարութիւնն էր, մօտ 320 միլիոն ԱՄՆ տոլարի հայցային դիմումով։ Այս նաեւ ցոյց տուաւ ինծի, թէ հանքարդիւնաբերութիւնը եւ հանքային «ռեսուրս»ները ինչքան կարեւոր են ոչ միայն առեւտրային, այլ նաեւ աշխարհաքաղաքական  նկատառումներով։ 

 

-Շեշտակի կարեւորութիւն ունի հանքարդիւնաբերութիւնը Հայաստանի համար, որ միայն տնտեսական առանցքով չէ պայմանաւորուած, այլ նաեւ ունի աշխարհաքաղաքական կարեւոր իմաստ։Այսօրուայ դրութեամբ սոյն ոլորտին համար ամենակարեւոր կտրուածքը անվտանգութեան խնդիրն է։ Այդ առումով ի՞նչ են Ձեր գնահատականները առկայ «ռիսք»երուն առընթեր։ 

Նշեցիք «բարեկամ պետութիւններ», ըսեմ, որ այս առաւօտ իմ տաս տարեկան որդիս կը հարցնէր Հայաստանի բարեկամ՝ ընկեր եւ թշնամի պետութիւններուն մասին, եւ ես կը փորձէի անոր բացատրել, որ միջ-պետական յարաբերութիւններուն մէջ բարեկամ եւ թշնամի չկայ (Հայաստանի Հանրապետութեան պարագային միգուցէ ունինք պատմական թշնամի)։ Յամենայնդէպս, բարեկամ եւ թշնամի արտայայտութիւնները շատ յարաբերական են։ Ես տղուս կը փորձէի բացատրել, որ պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները պէտք չէ ընկալել միջ-անձնական յարաբերութիւններու տրամաբանութեամբ։ Միջ-անձնական յարաբերութիւններու մէջ շատ կարեւոր են զգացումները, մարդկային ճաշակը, յոյզերը, բայց միջ-պետական յարաբերութիւններու մէջ ասոնք առաջնային չեն։ Կը կարծեմ, որ մեր պետական մարմիններու ձախողման հիմնական պատճառներէն մին պատմականօրէն եղած է այն, որ մենք փորձած ենք միջ-պետական յարաբերութիւնները պատկերացնել եւ ընկալել միջ-անձնական յարաբերութիւններու մեթոտով եւ անոր պրիսմակի մէջէն դիտուած։ Վերադառնալով ձեր հարցումին, թէ ինչ կրնան ընել մեր նման փոքր պետութիւնները աշխարհաքաղաքական նման բարդ իրավիճակին մէջ , ապա ըսեմ, որ իսկապէս 2020-ի պատերազմը ցոյց տուաւ, որ մշտական կամ վստահելի բարեկամներ ունենալու թէզը միջազգային յարաբերութիւններու մէջ խախուտ է եւ ՀՀ պաշտօնեաները նոյնպէս մտահոգութիւններ կը յայտնեն այն մասին, որ մինչ այդ գործող անվտանգային պարտաւորութիւնները կարծես, թէ նոր պայմաններու մէջ արդիւնաւէտ ձեւով այլեւս չեն գործեր։ Նոր պայմաններ ըսելով նկատի ունիմ, 2020-էն ետք ստեղծուած իրավիճակը, իսկ համաշխարհային իմաստով, յատկապէս 2022-էն յետոյ ռուս-ուքրանական պատերազմէն ետք ստեղծուած աշխարհաքաղաքական իրավիճակը։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ փոքր պետութիւններ յայտնուեցան «վակումային» իրավիճակի մը մէջ, ուր անվտանգային նախկին պարտաւորութիւնները չեն գործեր եւ փոքր պետութիւններու կենսական պայմանները ապահովուած չեն, բայց միւս կողմէ, չկան գործող այլ միջոցներ։ Այլ խօսքով այդ պետութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը բաւարար աշխատանք չեն կատարած, որպէսզի ապահովեն իրենց անվտանգութիւնը։ Հոս հարց կը յառաջանայ, թէ նման իրավիճակի մէջ մենք ի՞նչ կրնանք ընել եւ ինչպիսի՞ «ռեսուրս»ներ ունինք։ Բոլոր ժամանակներու կարեւորագոյն «ռեսուրս»ներն են՝ գիտելիքը, նորարարութիւնը(innovation) եւ արհեստագիտութիւնը (technology)։ ՀՀ բնակչութիւնը գրագէտ է, մենք ունինք բաւարար փորձ, բաւարար գիտելիքներ, սակայն այդ փորձն ու գիտելիքները պէտք է փոխառնչենք այն ինչին հետ որ մենք ունինք։ Մեր պարագային, կրնանք խօսիլ բնական  ներուժ-ռեսուրսներու մասին։ Հայաստանի հանրապետութիւնը որոշակիօրէն հարուստ է բնական աղբիւրներով։ Մենք ունինք թէ՛ մետաղական հանքեր, եւ թէ ոչ մետաղական հանքեր։ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ունինք մօտ 670 հանքավայր, որոնց մէջ փոքր թիւ կը կազմեն մետաղի հանքավայրերը եւ այդ առումով ալ մեր հանքարդիւնաբերութիւնը ունի երկար պատմութիւն։ Այսինքն մենք, մեր հիմնարկները (Institute), մեր հաստատութիւնները փորձառութիւն ունին հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ։ 18-րդ դարու վերջը արդէն Ալեվերտիի մէջ տեղի ունեցաւ պղինձի ադիւնահանումը։ Աւելի ուշ մենք ունեցանք Սոթքի ոսկիի հանքը, որ Անդրկովկասի ամէնէն մեծ հանքը կը համարուի, եւ որ սկսաւ շահագործուիլ 1970-ականներուն։ Քաջարանի պղնձամոլիփթենային հանքը սկսաւ շահագործուիլ նաեւ 1970-ականներուն։ Հայաստանը փոքր երկիր ըլլալով, ունի համեմատաբար հանքային մեծ պաշարներ։ Անդրադառնանք անվտանգութեան եւ մեր բնական «ռեսուրս»ներու միջեւ կապին։ ՀՀ բնական, պատմական «ռեսուրս»ները ընկալուած են, որպէս առեւտուրի (business), վաճառականութեան (commerce) միջոց, սակայն մենք պէտք է հայեցակարգային փոփոխութիւն կատարենք եւ զայն ամրագրենք, թէ՛ բնակչութեան մեծամասնութեան ընկալումներուն, մտածելակերպին, եւ թէ՛ յատկապէս քաղաքականութիւն մշակողներու ընկալումներուն մէջ։ Ներկայիս, հանքարդիւնաբերութեան ներդրողներու եւ բաժնետէրերու իմաստով բազմազանութիւն (diversification) չունինք, եւ այս մէկը դժուար իրավիճակ կը ստեղծէ պետութեան համար։ Հայաստանի Հանրապետութեան ունի բնական «ռեսուրս»ներ եւ կարողականութիւն (potential) իր շահերը համադրելու մեծ պետութիւններու շահերուն հետ։ Այդ մեծ պետութիւնները աշխարհի հիմնական որոշումները կը կայացնեն, կապուած տնտեսական շահերու հետ։ Երեսուն տարիներու ընթացքին, մենք միջազգային շահառուներու հետ կապ հաստատելու բաւարար աշխատանք չենք կատարած ։ Ըսեմ, որ ՀՀ բնական «ռեսուրս»ներու կարողականութիւնը թոյլ կու տայ, որ մենք կարենանք ներգրաւել երեքէն հինգ, եթէ ոչ աւելի միջազգային (transnational) մեծ ընկերութիւններ հանքարդիւնաբերութեան բնագաւառին մէջ։ Սակայն մենք խնդիր ունինք մեր ներուժը հասկնալի լեզուով հասցնելու աշխարհին, որ առ այսօր կատարուած չէ։ Մենք նաեւ խնդիր ունինք ստեղծելու փոխադարձ շահաւէտ համագործկցութիւններ, ուր պետութիւնը ՀՀ ժողովուրդին անունով կը կառավարէ բնական «ռեսուրս»ները եւ անորմով նաեւ կը լուծէ անվտանգային խնդիրները։ Եթէ մենք Հայաստանի մէջ ունենանք միջազգային այնպիսի ընկերութիւններ, որոնց տնտեսական շահերը մաշտաբային իմաստով այնպէս են, որ կը վերաբերին տուեալ պետութիւններու տնտեսական շահերուն, ինչպէս Մեծ Բրիտանիան, ԱՄՆ-ն, Գանատան, ԵՄ որոշ երկրներ  եւ այլն, մեր թշնամիները մեր դէմ ոտնձգութիւն կատարելէ առաջ եւս մէկ անգամ կը մտածեն, թէ կ՚արժէ նման քայլի երթալ կամ ոչ։ Բացաստի այդ նաեւ կը համադրէ մեր դիւանագիտական եւ քաղաքական շահերը։ Արդիւնաբերութիւնը ոչ միայն պէտք է դիտարկել որպէս առեւտուր, ան նաեւ քաղաքական դրամագլուխ (capital) է եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրնայ անկէ օգտուիլ։ 

 

-Կը կարծէ՞ք, որ այսօր մենք ճիշդ ուղիի վրայ ենք։ Այն իմաստով, որ մենք բացուինք աշխարհին, ցոյց տանք մեր հանքերը, ունենանք գործընկերներ, որրպէսզի կարողանանք նաեւ այդտեղ ինչ որ անվտանգային «դրօշ» մը տնկել։ Օրինակ մը տալու համար, Սուրիոյ մէջ շատ մը նաւթահորեր քիւրտերուն տրամադրութեան տակն են, սակայն քանի ամերիկեան դրօշ կայ այնտեղ, շրջանի մէջ հզօր ներկայութիւն հանդիսացող Թուրքիան կը վախնայ այդ ուղղութեամբ ուղղակի ռազմական քայլեր կատարելու։

Այսօր լաւ նորութիւն ունինք Հայաստանի մէջ։ Երասխի մէջ, ԱՄՆ-ի դրօշը բարձրացաւ Հայաստանի հանրապետութեան դրօշին հետ միասին, GTB ընկերութեան ջանքերու շնորհիւ։ Պէտք է ըսեմ, որ այդ ընկերութեան ներդրողներն ու կառավարողները ոչ միայն առեւտուրի մէջ հնարամիտ են, այլեւ խիզախ մարդիկ են, եւ այս ընթացքը պէտք է շարունակել։ Ձեր հիմնական հարցին ես կ՚ուզեմ հետեւեալ նկատարումը ընել։ Չնայած աշխարհը լի է մարտահրաւէրներով եւ վտանգներով, բայց միաժամանակ մենք գործ ունինք շատ մեծ եւ նոր հնարաւորութիւններու հետ։ Հիմա, աշխարհը շատ աւելի բան ունի առաջարկելու Հայաստանին, թե քաղաքական, տնտեսական և  արհետագիտական իմաստով, սակայն Հայաստանը տակաւին չի կրնար ձեւաւորել համապատասխան առաջարկութիւն (counter offer)։ Մեր առեւտրական հանրութեան եւ կառավարութեան դերը պէտք է ըլլայ զայն ձեւաւորելը։ 

 

-Դուք նաեւ ստեղծողն էք «Հանքարդիւնաբերական Միջազգային Պալատ»ին (Chamber of Mine) շատ կարեւոր նախաձեռնութեան։ Այդ մասին ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնա՞ք հաղորդել մեր ընթերցող հասարակութեան։

Հանքարդիւնաբերութեան բնագաւառին մէջ մեծ փորձառութիւն ունեցող մեր մասնագէտ -գործընկերներուն հետ ստեղծած ենք «Հայաստանի Հանքարդիւնաբերական Միջազգային Պալատ» ընկերութիւնը, որ շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւն է։ Մեր կազմակերպութեան նպատակն է հասկնալի՝ մասնագիտական լեզուով, միջազգային ընկերութիւններուն, ներդրողներուն ներկայացնել Հայաստանի հանքարդիւնաբերական կարողութիւնները եւ միւս կողմէ աշխարհէն ստանալ միջազգային լաւագոյն փորձ եւ այդ բոլորը Հայաստանի մէջ կիրառել բարձրագոյն չափորոշիչներով։ Մեր կազմակերպութիւնը պիտի դառնայ    յուսալի ոլորտի բոլոր շահառուներու, այդ թուին՝ ՀՀ կառավարութեան, օտարերկրեայ  ռազմավարական ներդրողներու, ֆինանսական հաստատութիւններու, տեղական առեւտուրի, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան և ազդակիր համայնքներու համար։  Աշխարհի վրայ երկրաբանութեան (geology) ոլորտի մէջ հետախուզութիւններու վրայ, տարեկան կտրուածքով կը ծախսուի մօտ 13 միլիառ տոլար։ Հիմնական երկիրները, որ այդ գումարները կը ծախսեն ԱՄՆ-ն, Գանատան եւ Հարաւ Ամերիկեան երկիրներն են։ Հայաստանը գրեթէ որեւէ հասանելիութիւն չունի միջոցներուն, քանի որ հասկնալի լեզուով աշխարհին ցարդ չէ կրցած ներկայացնել իր հանքարդիւնաբերութեան իսկական ներուժը։ «Հայաստանի Հանքարդիւնաբերական Միջազգային Պալատ»ի նպատակն է իրականացնել, ստեղծել Հայաստանի Հանրապետութեան երկրաբանական հաշուետւութիւն, համապատասխան չափանիշներու (standard) վրայ եւ ներգրաւել համապատասխան մասնագէտներ։ Այս իմաստով մենք համագործակցութիւն կը փորձենք հաստատել աշխարհի շարք մը կազմակերպութիւններու հետ։ Պէտք է նշեմ, որ անցնող Մարտ ամսուն, որպէս «Հանքարդիւնաբերական Միջազգային Պալատ»ի գործադիր նախագահ կը գտնուէի Մեծն Բրիտանիոյ մէջ։ Մենք հանդիպումներ ունեցանք British Geological Survey-ի, Cambornschool of mines-ի եւ տարբեր ընկերութիւններու հետ, որոնք Հայաստանի հետ համագործակցութեամբ հետաքրքրուած են։ Սէուլի մէջ, Մայիսին մասնակցեցայ Ասիական երկիրներու գլխաւորած համաժողովին եւ զեկոյց մը կարդացի մեր կազմակերպութեան նպատակներուն մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուցի Հայաստանի Հանրապետութեան կարողականութեան (potential) մասին կարեւոր նիւթեր։ Նման քայլերով, ինչպէս նաեւ՝ ուսումնասիրութիւններու, հետազօտութիւններու, webinar-ներու, կրթական ծրագիրներու միջոցով, մենք Հայաստանի մէջ նախ պիտի փորձենք ձեւաւորել համապատասխան մասնագիտական կարողականութիւն, որպէսզի երիտասարդութիւնը գործի լծենք։Հայաստանի մէջ ունինք հանքարդիւնաբերութիւն, բայց շատ փոքր հետաքրքրութիւն կայ հանքարդիւնաբերութեան մասնագիտութիւններու նկատմամբ։ Հայկական ԲՈՒՀ-երու երկրաբանական կաճառներուն (faculty) հանդէպ հետաքրքրուածութիւնը շատ նօսր է։ Մեր նպատակներէն մէկն է նաեւ կրթական հաստատութիւններուն ծանօթացնել հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը։ 

 

-Երիտասարդութեան եւ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի փոխառնչուածութիւնը ինչպէ՞ս է Հայաստանի մէջ։ Ի՞նչ է այսօրուան պատկերը եւ ընելիքները ի՞նչ են։

Վերջին տարիներուն, լաւ է, որ Հայաստանի մէջ շատ կը խօսուի IT ոլորտի եւ զբօսաշրջութեան զարգացման մասին։ Բնականաբար անոնք շատ կարեւոր բնագաւառներ (sector) են։ Բայց եթէ մենք կ՚ուզենք էական (fundamental) եւ երկարաժամկէտ փոփոխութիւն կատարել երկրին մէջ, պէտք է խօսինք այլ բնագաւառներու մասին, ինչպէս՝ հանքարդիւնաբերութիւնը, ջերմուժը (energy), եւայլն։ Մենք պէտք է փորձենք հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի մասնագիտություններն աւելի գրաւիչ եւ հասկնալի դարձնել երիտասարդներուն համար։ Այս ոլորտը պէտք է գրաւիչ եւ հասանելի ըլլայ նաեւ ժողովուրդին համար։ 

 

-Հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ սփիւռքահայ ներդրողներուն մասնակցութեան պատկերը ինչպիսի՞ն է եւ սփիւռքեան դրամագլուխներ ներգրաւելու տեսակէտէն ի՞նչ կը խորհիք։

Պետութեան ձախողումներու հիմնական պատճառներէն մէկը Հայաստան-Սփիւռք կապերու չգոհացնող վիճակն է։ Վստահութիւն չկայ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ բնակող հայերուն միջեւ։ Այս մէկը ունի իր տարբեր բացատրութիւնները՝ մշակութաբանական, պատմական, եւայլն։ Էական կը մնայ անշուշտ այն հարցադրումը, թէ ինչ պէտք է ընենք որպէսզի աւելցնենք մեր սփիւռքահայ ներդրողներու հետաքրքրութիւնը աւելցնելու առընթեր , որպէսզի անոնք մտածեն ՀՀ մէջ հանքարդիւնաբերական ոլորտի մէջ ներդրում կատարել։ Անշուշտ սփիւռքահայերու հայրենասիրական զգացումները, յոյզերը Հայաստանի նկատմամբ շատ կարեւոր են, սակայն անոնք գործնական իմաստ չեն ունենար, եթէ չհամադրուին   գործնապաշտ  նկատառումներու հետ, ինչպիսիք են ներդրումային բարենպաստ միջավայր ապահովելը, պետական երկարաժամկէտ, կայուն եւ  կանխատեսելի քաղաքականութիւններու (policies) առկայութիւնը, Հայաստանի մէջ կաշառակերութիւնը (corruption) դէմ էլ աւելի արդիւնաւէտ պայքար մղելը, աւելի անկախ և կանխատեսելի դատական համակարգ,  եւ այլն։ ։   Ըսեմ, որ մեր կազմակերպութեան նպատակներէն մէկն է նաեւ սերտօրէն աշխատիլ կառավարութեան հետ, օգնել կառավարութեան մեր մասնագիտական կարողութիւններով, որպէսզի կառավարութիւնը կարողանայ սահմանել և իրականցնել աւելի բարձր բնապահպանական չափանիշներ սահմանէ Հայաստանի, որովհետեւ միայն համապատասխան չափանիշներու պարագային մենք կրնանք հասանելիութիւն ունենան միջազգային դրամական (financial) կեդրոններու ֆինանսական արտադրութիւններուն։ Առեւտուրի մէջ, ներդրողին համար ամէնէն կարեւորը բազմազանութիւնն է։ Ներդրողները կու գան ոչ միայն անձնական, այլ նաեւ պետական՝ խմբակային տնտեսութեամբ (Portfolio Finances)։ Այս բոլոր ենթակառուցուածքը (infrastructure) կերտելու համար, մենք պէտք ունինք բարձր չափանիշներու, որուն շնորհիւ ալ ապագային պիտի ունենանք դրական արդիւնք, եւ կերտենք ուժեղ պետութիւն։

 

Հարցազրոյցը՝ Սագօ Արեանի