image

Մեր մօտ զոհեր են, իսկ մարդիկ քարիւղով մտահոգ են. Զելենսքին քննադատած է Արեւմուտքը

Մեր մօտ զոհեր են, իսկ մարդիկ քարիւղով մտահոգ են. Զելենսքին քննադատած է Արեւմուտքը

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին քննադատած է արեւմտեան երկիրները ԵՄ-ին Ուքրանիոյ անդամակցութեան, Ռուսիոյ Դաշնութեան դէմ պատժամիջոցներու վեցերորդ փաթեթի ներդրման, ինչպէս նաեւ Ֆինլանտայի եւ Շուէտի` ՆԱԹՕ մտնելու հարցով միասնական դիրքորոշման բացակայութեան համար: Այս մասին երկրին ղեկավարը ըսած է Տաւոսի մէջ տնտեսական համաժողովին:

Զելենսքիի խօսքով` Ուքրանիան այսօր «ամբողջապէս չի զգար», որ արեւմտեան երկիրները զայն կ'ընկալեն որպէս հաւասար պետութիւն: Զելենսքին անդրադարձած է նաեւ Ուքրանիոյի` Եւրոմիութեան անդամակցելու դիմումի խնդիրին: Նախագահին խօսքով, Արեւմուտքը միասնական դիրքորոշում չունի այս հարցով. «Հիմա Եւրոմիութեան հարցը: Կը խնդրեմ, ըսէք, կա՞յ միասնութիւն, Ուքրանիոյ ապագային վերաբերեալ, կա՞յ միասնութիւն, ես այդ չեմ տեսներ: Արդեօք սա արդա՞ր է: Ոչ»:

Բացի այդ, նախագահը նշեց, որ Ռուսիոյ դէմ ԵՄ պատժամիջոցներու վեցերորդ փաթեթը, որ պէտք է ներառէ նաւթի արգելքը, դեռ չէ ընդունուած Հունգարիոյ հակազդեցութեան պատճառով:

«Բոլորը կ'ըսեն, որ այս ընթացքին Ռուսիան (նաւթի վաճառքէն) պիտի վաստակի 200 միլիառ տոլար, այդ գումարով կրնան որեւէ զէնք գնել, վեցերորդ փաթեթը ներդրուա՞ծ է, ո՛չ, ինչո՞ւ, որովհետեւ ինչ-որ բան հաճելի չէ Հունգարիոյ, ինչ-որ բան այն չէ նաւթի հետ: Ինչ-որ կերպ անոնք աշխարհը այլ կերպ կը տեսնեն... անոնց կ'ըսեն. «Ուքրանիոյ մէջ մարդիկ կը մահանան, երեխաներ կը մահանան, զանոնք կը սպանեն», իսկ անոնք կը պատասխանեն. «Ամէն ինչ պարզ է: Ուրեմն, ինչ ընենք նաւթի հետ: Ուրկէ՞ ճարենք գումարը», ըսած է Զելենսքին: