Բնիկ Քեսապցի մտաւորական՝ Յակոբ Չոլաքեան կը գրէ՝
Հայ բարբառագիտութեան մեծ նուիրեալներ Էդ․Աղայեանին, Մանուէլ Ասատուրեանին եւ Գէորգ Ջահուկեանին աշակերտած ըլլալու պարծանք մը ունեցած եմ միշտ: Արարատ Ղարիբեանի բարբառագիտական ուսումնասիրութիւնները յաճախ աչքէ անցուցած եմ: Եւ բնականաբար, Հրաչեայ Աճառեանի ստեղծած լեզուագիտական այս բնագաւառին հանդէպ իմ հետաքրքրութիւններս անոնցմով սկսած ու զարգացած են:
Կային նաեւ ուրիշներ, բաւական մեծ փաղանգ մը բարբառագէտներու, որոնց կը հետեւէի հեուէ հեռու:
Եւ անոնց մէջ երկու անուն. Անահիտ Հանէեան ու Գաղթուհի Հանանեան:
Անահիտ Հանէեան Քեսապի Գարատուրան գիւղի Ծովու թաղէն Հանէեան Նշանի դուստրն էր, ծնած է Երուսաղէմ, 1941-ին: Գաղթուհի Հանանեան Մուսա Լեռան Խտրպէկ գիւղէն Կարապետի դուստրն էր, ծնած է 1939-ին, Մուսա Լեռան պարպումի ճանապարհին վրայ, Լաթաքիա: Ինչ ալ յատկանշական անուն...Գաղթուհի: Մեր անունները մեր պատմութեան արձագանգներն են:
Երկուքն ալ, հանդերձ ընտանեօք, հայրենիք եկած են Մեծ հայրենադարձութեան։
Անահիտ Հանէեանի առաջին բարբառագիտական մենագրութիւնը կը կոչուի «Տիգրանակերտի բարբառը»: Ան Եդեսիոյ (Ուրֆա) բարբառի մասին ուսումնասիրութիւն մըն ալ ունի: Լրջագոյն աշխատութիւններ են: Ունի գիտական յօդուածներ ու մեծ աշխատանք տարած է բարբառագիտական աշխատանքներու նուիրուած նորագիրներու վրայ: Չեմ գիտեր, թէ Անահիտ իր հայրենի բարբառի ուսումնասիրութեան մասին ի՛նչ ծրագիրներ ունէր, բայց երբ 2002-ին, ես թեկնածուականս կը պաշտպանէի Հնագիտութեան եւ Ազգագարութեան ինստիտուտին մէջ, Անահիտն ալ ելոյթ ունեցաւ ՝ անդրադառնալով մանաւանդ «Քեսապի բարբառը» աշխատասիրութեանս մասին: Ես հիացումով մտիկ ըրի հմուտ մասնագէտի իր վերլուծութիւնը:
Գաղթուհի Հանանեանը ճանչցայ իբրեւ Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքի բարբառագիութեան դասախօս։ Գիտէի, թէ ի՛նչ պատասխանատու ամպիոն է ատիկա հայոց լեզուի ՛ուսումնասիրութեան ընդհանուր ծիրէն ներս, եւ ինք որքա՛ն մեծ հմտութեամբ կը վարէր այդ պաշտօնը: Բարբառները իր աշխարհն էին։ Ինծի համար անակկալ էր «Էջմիածին» հանդէսի մէջ 2011-ի Ա, թիւին մէջ իմ “Քեսապի բարբառը” ուսումնասիրութեան նուիրուած իր գրախօսութիւնը: Իր ուսումնասիրութիւններու աշխարհը Մուսա լեռան բարբառի տարբեր խօսուածքներն էին (Սուէտիայի բարբառը {Խտրպէկի խօսուածք}, Երեւան, 1995): Վերջերս կ’աշխատէր լիակատար բառարանի մը վրայ, գործի մղած էր բազմաթիւ հայրենակիցներ: Խոստացեր էի անպայման միասին կ՛աշխատինք կարգ մը բառերու ստուգաբանութեան վրայ:
Անահիտը կորսնցուցինք 2019-ին, իսկ Գաղթուհին՝ վերջերս։
Երկուքն ալ մեկնեցան՝ իրենց կիսատ թողած աշխատանքները կտակելով նորահաս բարբառագէտներուն: