Պոլսոյ դարաւոր աթոռին պատրիարք ընտրելու հարցը այսօր պոլսահայութիւնը յուզող գլխաւոր խնդիրն է: Համայնքի պատասխանատու մարմիններէն մինչեւ ամենապարզ խաւի ներկայացուցիչներուն համար պատրիարքարանի շուրջ ընթացող խմորումները դարձած են հետաքրքրութեան առանցք:
Բաց աստի գոյութիւն ունի համայնքային աւանդութեան վրայ կերտուած իրավիճակ մը, ուր ամէն ոք, իր ապրածին, իր տեսածին ու մօտիկ անցեալի դէպքերը աչքի առջեւ ունենալով կը փորձէ այսօրուան դէպքերը վերլուծել, նոյնիսկ փորձելով համապատասխան լուծումներ առաջարկել:
Պոլսոյ «գոլորիտ»ը լաւ հասկնալու համար պէտք է զրուցել համայնքի շուրջ 60 տարուան հաւաքական կեանքին մասնակից եղած այն հայորդիներուն հետ, որոնք այս կամ այն ձեւով առնչուած են Պատրիաչքութիւն- Հայ Եկեղեցի- Համայնք եռանկիւնին հետ ու տարբեր առիթներու ալ մասնակցութիւն բերած են համայնքի ազգային-եկեղեցական կեանքին:
Այդ անձնաւորութիւններէն է Պերճ Աւագ Սարկաւագ Քաջը, որ անցնող յիսուն եւ աւելի տարիներուն ծառայած է մեր եկեղեցիին: Ան ականատես եղած է առնուազն վերջին երեք պատրիարքներու ընտրութեան եւ այսօր ալ մեծ նախանձախնդրութեամբ կը հետեւի պատրիարքարանին շուրջ ընթացող գործընթացներուն:
Վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ «Արեւելք» կարճ զրոյց մը ունեցաւ Պերճ Աւագ Սարկ. Քաջին հետ, որ անկեղծ մօտեցումներով պատասխանեց մեր հարցումներուն:
-Յարգելի Պրն. Պերճ, ձեր կարծիքով, ինչո՞ւ Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութիւնը չ'իրականանար:
-Որովհետեւ Սահակ Սրբազանին, Արամ Սրբազանին եւ Գարեգին Պէքճեան Սրբազանին միջեւ հակաճառութիւններ ծագած են, թաղային խորհուրդը երկուքի բաժնուած է, ու քահանայ հայրերը նոյնպէս երկուքի բաժնուած են: Հետեւաբար պետութիւնը կը թելադրէ, որ առաջին հերթին ներքին գործերը կարգաւորուին եւ ներքին կառավարման համակարգ ստեղծուի, ապա՝ պատրիարքի ընտրութիւնը իրականացուի:
-Իսկ ի՞նչ կապ ունի Մութաֆեան Սրբազանի ճակատագիրը այս ընտրութեան հետ:
-Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութիւնը իրականացուելու համար պաշտօնավարող պատրիարքը վախճանած պէտք է ըլլայ, ապա միայն համայնքը կրնայ նոր պատրիարք մ'ընտրել: Պոլսոյ ներքին սահմանադրութիւնը այս է: Սակայն, ի միջի այլոց, եթէ կրօնական ժողովը տրամաբանական որոշում մը ներկայացնէ պետութեան՝ կրնայ ըլլալ նոր պատրիարքի ընտրութեան արտօնութիւն ստանայ:
Ինչպէս գիտէք ներկայիս կը գործէ «Նախաձեռնարկ մարմին» մը եւ այդ յանձնաժողովը կ'ըսէ, թէ մենք մեր պատրիարքը կ'ընտրենք: Բայց այդ մարմինը ինչքանով կրնայ այդ առաքելութիւնը կատարել տակաւին յստակ չէ: Գիտէք Թուրքիոյ մէջ անգիր օրէնքներ կան եւ այդ յանձնաժողովը պէտք է լռելեայն այդ օրէնքները յարգէ, բան մը, որ մինչեւ հիմա չէ եղած եւ իմ կարծիքով անոնք այդ առումով թերացած են:
- Ի՞նչ է համայնքին կեցուածքը այս հարցին նկատմամբ:
-Եթէ անկեղծ կ'ուզէք, ապա պիտի ըսեմ, որ մեր համայնքը ալ զզուեցաւ այս խնդրէն ... Համայնքը իրապէս մեղք է:
Հիմա մատաղօրհնութեան շրջանն է եւ ըստ իս՝ պատրիարքական ընտրութենէն առաջ պէտք է աւազան մը կազմուի՝ դրամի աւազան,ուր հաւաքուած բոլոր գումարները պիտի յատկացուին այն վարժարաններու մարմիններուն, որոնք նիւթական նեղ օրեր կ'անցընեն:
Տարբեր առումներով ալ մեր համայնքի կեանքին մէջ շատ մը թերի երեսներ կան, որոնք պէտք է լուսարձակի տակ առնուին: Այս օրերուն օրինակ տեղի կ'ունենան մատաղօրհնութեան արարողութիւններ: Եթէ ճիշդ վերլուծենք, հարց պէտք է տանք , թէ ինչ ըսել է... մատաղօրհնութիւն: Մատաղը եւ անոր համար դրուած սիրոյ սեղանը աղքատներուն համար է, իսկ մեր օրերուն այն կը կազմակերպուի հարուստներուն համար: Կայ ուրիշ խոցելի երեույթ մըն ալ , որ կապ ունի մատաղօրհնութեան ընթացքին նուիրատուութիւններ կատարելու երեւոյթին հետ: Իւրաքանչիւր ոք իր կարողութեան համաձայն իր նուիրատուութիւնը կը կատարէ: Բայց այսօր դրութիւնը փոխուած է, որովհետեւ նուիրատուները կարծես իրար դէմ մրցումի ելած են եւ անշուշտ զատողութիւն կ'առաջանայ... Այսպիսով խռովութիւններ եւ անհամաձայնութիւններ կը ստեղծուին նոյն համայնքին, նոյն ազգին պատկանող զաւակներուն միջեւ: Ըստ իս՝ այս նուիրատուութիւնները կատարողներու անունները պէտք չէ յայտարարուին:
Հայ համայնքը 40-45 հազար մնացած է: Յոյներուն, հրեաներուն, ասորիներուն, թուրքերուն ծիծաղի առարկայ դարձած ենք այսօր... Գարեգին սրբազանը առանձին կը գրէ, Արամ Սրբազանը առանձին, Սահակ Սրբազանը՝ առանձին, յանձնաժողովը զատ կը գրէ, կրօնական ժողովն ալ առանձին... Պէտք է միասնական ըլլանք, մէկ ձայն ունենանք, համերաշխութեամբ աշխատինք իրար հետ, որպէսզի կարողանանք յաջողակ արդիւնք մը ձեռք բերել մեր համայնքի զաւակներու բարօրութեան համար:
Վասիպ Շահինին, որ Պոլսոյ կուսակալն է, աղերսագիր կ'ուղարկուի: Կուսակալը միջնորդ է: Ան ալ իր կարգին աղերսագիրը Անգարա՝ ներքին գործոց նախարարութիւն կ'ուղարկէ, իսկ վերջինս ստուգելով նոյնիսկ պատասխան չի տար, որովհետեւ լուրջ մօտեցում չի ցուցաբերեր: Ինչպէ՞ս պատասխան մը սպասենք, երբ մեր ներքին համակարգը կազմակերպուած եւ համերաշխ չէ եւ տակաւին անհամաձայնութիւններ կան... Անցեալին այսպէս չէր: Գարեգին պատրիարք Գազանճեանի օրով, երբ ընտրութիւնը կատարուեցաւ, երեկոյեան իսկ պետութենէն հաստատուեցաւ: Նոյնպէս Մութաֆեան պատրիարքի պարագային՝ շուտով հաւանութիւն ստացանք:
- Ձեր կարծիքով ո՞ր միաբանը պիտի կարողանայ Պոլսոյ 85-րդ պատրիարք ընտրուիլ:
-Գարեգին սրբազանը շատ սիրելի եւ նուիրեալ կրօնաւոր է ու ես անձամբ շատ կը սիրեմ ու կը հաւնիմ զինքը, սակայն իմ կարծիքով արդէն շատ յոգնած է եւ առողջական առումով այդ կարողութիւնը չունի:
Պոլսէն դուրս ապրող միաբաններ, ինչպիսին են Տ. Խաժակ եւ Տ. Վիգէն սրբազաններ իրենք եւս ատակ են այս պաշտօնին համար ու պէտք է իրենց թեկնածութիւնը դնեն:
Ուրիշ կարեւոր կէտ մըն ալ կայ այստեղ՝ պատրիարք ընտրուելու առաջին պայմանը տուեալ միաբանը պէտք է նուազագոյնը վեց տարի պաշտօնավարած ըլլայ մեր երկրին մէջ: Իսկ Գարեգին Սրբազանը, այո', միշտ կու գար Պոլիս, սակայն հոս չէ ապրած: Եթէ «Հուրիյէթ» թերթը առնելու ըլլաս՝ ձախ կողմը թրքական դրօշակը զետեղուած է եւ գրուած է՝ «Թուրքիան թուրքերուն է»... կարծեմ ուրիշ բան ըսելու կարիք չկայ...
Հարցազրոյցը ՝ «Արեւելք»ի