image

Մեր գիտութիւնը եւ «գիտունիկութիւն»ը

Մեր գիտութիւնը եւ  «գիտունիկութիւն»ը

Բանաստեղծ,  թարգմանիչ՝ Տիգրան Գաբոյեան կը գրէ՝ 

Հայաստանի մէջ, նոյնինքն գիտական ու համալսարանական շրջանակներով ալ հաստատուած, կան՝ «արաբագէտ», «Թուրքագէտ», «Պարսկագէտ», «Հնդկագէտ»...հասկացողութիւններ ու կոչումներ եւ անոնք գիտական դասակարգութիւն, անճարակութիւն եւ չիմացութիւններ կը պարզեն: Նոյն հայկական «գիտական միտքն ու շրջանակը» համարձակութիւնը չունի «Անգլիագէտ», «Ֆրանսագէտ», «Ռուսագէտ» տիտղոսներ շնորհելու շատ մը պատճառներով: Այո արեւելքի հանդէպ թերագնահատանքը ձեւով մը կրնայ հասկնալի ըլլալ պատմական ու քաղաքական հանգամանքներէ ելած, բայց գիտութիւնը կը մնայ գիտութիւն: Ինչպէ՞ս կրնայ ոեւէ անձ, որը ենթադրեալ լեզուէ մը մի քանի նախադասութիւն, կամ նոյնիսկ կատարելապէս տուեալ լեզուն գիտէ, դառնայ այդ լեզուն ընդգրկող աշխարհագրութեան, քաղաքականութեան, կրօնքին, ընեկերաբանութեան,...եւ այլ բաներու գիտակը մէկ անգամէն: Սա մեծ գիտական ու մասնագիտական սնանկութիւն ու անլրջութիւն մըն է եւ մակարդակի անկման ու թերի վերաբերմունքի մը ցուցանիշ: Այո ընդունելի է ըսել Իսլամագէտ, Քրիստոնէագէտ կամ նոյնիսկ «Կոմունիստագէտ», քանի հոն ուսումնասիրողը կամ ապագայ գիտակը կրնայ հմտանալ այդ գիտութեան, ուսմունքին, վարդապետութեան մէջ, եւ հաւանաբար վերապահումներով ընդունելի է նաեւ ըսել Ասորագէտ, «Փիւնիկագէտ»  (պատմաբան ըլլալու հանգամանքնով), կամ նոյնիսկ Հայագէտ (մեր լեզուամտածողութեան մէջ այդ մտած է իբրեւ հայերէն լեզուի հմուտ մարդ, իսկ օտարներուն քով ալ այդ տարածուած է մեր փոքր ու քիչ ըլլալու պարագան նկատի առած եւ որը մենք ալ արտօնած ենք ճարահատեալ, որ այդպիսի կոչում ըլլայ), բայց «Արաբագէտ» ու «Պարսկագէտ» եւ միւս «Գետերը» այնքան անկիրառելի ու անկարելիութեան հասնող տիտղոսներ են, որ նոյնիսկ եթէ Հայաստանի «գիտական կառոյցն ու միտքը» յանդգնի ձեռնոց նետել միջազգային չափանիշին եւ ստեղծէ թեկնածուական մը (PHD) որեւէ նշուած «գիտութիւններուն» շուրջ (հակառակ դժուար թէ ընդունելի ըլլայ որեւէ տեղ), նորէն այս հասկացողութիւնը կը մնայ անհեթեթ: