«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Հալէպի Ազգային Մշակութային Միութեան ատենապետ՝ պրն. Կարօ Մուրատեան:
-Պրն. Մուրատեան, կրնա՞ք հակիրճ տողերով ներկայացնել Ա.Մ.Մ.ի (Ազգային Մշակութային Միութիւն) հիմնադրութեան պատմութիւնը եւ անոր հիմնադրման հիմնական նպատակները:
Մեր միութիւնը հիմնադրուած է 1955-ին, Հալէպի մէջ, ազգանուէր խումբ մը մտաւորականներու, ուսանողներու եւ բանուորներու կողմէ, որոնք կը գործէին սուրիական մարզական միութեան մէջ, զայն վերանուանելով «Ազգային Մշակութային Միութիւն», կեանքի կոչելով միութիւն մը, որ կու գար ծառայելու մարդակերտման եւ հայակերտման սրբազան գործին:
Հաւատալով հայրենիք-սփիւռք հատուածներու մերձեցման, հայրենիքի հետ մշակութային կապերու ամրացման, միութիւնը աշխատեցաւ հիմնական այս ուղղութեամբ՝ մեկնելով ժամանակի հրամայականէն: Իր հիմնադրման օրէն՝ գրական շրջանակի հետ համագործակցաբար կը հրատարակէ «Երկիր» պարբերաթերթը: Ա.Մ.Մ.ի հիմնական ուղղութիւններէն մէկը եղած է նաեւ ամրապնդել իր մասնակցութիւնը արաբական մշակութային կեանքին: Գրական աւելի քան եօթը գիրքեր թարգմանուեցան արաբերէնի, նպատակ ունենալով արաբ հասարակութեան ծանօթացնել հայոց գրականութեան որոշ գոհարներու:
Հայ ժողովուրդի արդար դատը արաբ հասարակութեան ծանօթացնելու նպատակով ալ միութեանս նախաձեռնութեամբ եւ Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ, 27 Սեպտ. 2005-ին, Դամասկոսի մէջ կազմակերպուեցաւ երեկոյ մը, ուր խօսք առաւ դոկտ. Վահագն Տատրեան, որ մանրամասն խօսեցաւ «Ցեղասպանութիւն» երեւոյթի շուրջ:
Ա.Մ.Մ.ի համագործակցութեամբ եւ այլ կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ, Երեւանի մէջ զետեղուեցաւ «Արաբ եղբայրներու երախտիք»ի յուշարձանը:
Խոնարհելով կը յիշենք մեր հիմնադիր սերունդը՝ Յարութիւն Ոսկերիչեանը, Յակոբ Քիւրքճեանը, Լեւոն Ճիրանեանը, Մովսէս Վանայեանը, Ժան Գարասարգիսեանը եւ Վարուժան Սալաթեան: Հիմնադիր սերունդէն ետք ալ միութիւնը ունեցաւ իր նուիրեալ անդամները, որոնք մեծ զոհողութիւններու միջոցով կրցան միութիւնը ոտքի պահել, ինչպէս՝ Բիւզանդ Մինասեան, Յակոբ Եագուպեան, Անդրանիկ Հինտոյեան, Ճորճ Մեծօղլանեան եւ ուրիշներ:
-Այսօր միութիւնը ինչպիսի՞ գործունէութիւն կը ծաւալէ:
Սուրիոյ ծանր պատերազմի հետեւանքով գաղութիս մէջ սկիզբ առած մեծաքանակ գաղթի պատճառով մենք ունեցանք անդամներու թիւի կտրուկ անկում, որ կը դժուարացնէ մեր ծրագրերու իրականացումը:
Մենք այժմ մեր կեդրոնէն ներս հիմնադրած ենք ճատրակի դպրոց մը հայ փոքրիկներու եւ պատանիներու համար, շաբաթը 4 օրով, եւ նկատի ունենալով այս նախաձեռնութեան օգտակարութիւնը, կը ծրագրենք, որ այն դարձնենք աւելի յաճախակի, որովհետեւ ճատրակի միջոցով պատանին կը դառնայ աւելի համբերատար, կազմակերպուած, վերլուծական ուղեղով օժտուած եւ կ'ունենայ հարուստ երեւակայութիւն:
Իսկ շաբաթը մէկ օր, երեկոյեան, ճատրակասէր մեծահասակները կը հաւաքուին միութեան կեդրոնին մէջ եւ միասին կը վայելեն ճատրակ խաղալու բերկրանքն ու հաճոյքը:
-Կրնա՞ք պատմել ձեր ապագայի ծրագիրներու մասին:
Նախապէս մեր միութիւնը դարձած էր տեսակ մը կամուրջ՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ, որու միջոցով բազմաթիւ սիւռքահայ ուսանողներ, ձրիաբար, կրթութիւն կը ստանային Հայաստանի տարբեր համալսարաններէն ներս: Մենք այժմ կը փորձենք վերականգնել այդ կարեւոր աւանդոյթը՝ հնարաւորին չափով:
Ունինք «Քեզ համար Հայաստան» տիկնանց մարմին մը, որու հիմնադիրը օր. Ազնիւ Արապեանն էր: Այս մարմինը կը կազմակերպէ տարբեր ձեռնարկներ, իր փոքր ներդրումը ունենալով հայրենիքի ֆոնտին:
Ծրագրած ենք նաեւ կազմակերպել գեղարուեստական ցուցահանդէսներ, գրական երեկոներ եւ այլ մշակութային բնոյթի ձեռնարկներ, մեր ուժերու ներածին չափով: