image

«Մենք Հարաւային Կովկասի կայունութեան հետ ենք». Գանատայի Վարչապետ

«Մենք Հարաւային Կովկասի կայունութեան հետ  ենք». Գանատայի Վարչապետ

Թունուզի մէջ Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի շրջածիրէն ներս հայ գործընկեր Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն ետք Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօն Twitter-ի էջին գրած է, որ Գանատան եւ Հայաստանը պիտի շարունակեն ընդլայնել իրենց գործընկերութիւնը:

«Մենք հաւատարիմ ենք ժողովրդավարութեան ամրապնդման, մեր տնտեսութիւններու զարգացման եւ Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը եւ անվտանգութիւնը խթանելուն: Այս մասին է որ քննարկած են ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Եւ մենք պիտի շարունակենք ընդլայնել մեր երկիրներու միջեւ առկայ գործընկերութիւնը»,- գրած է ան։