Լիբանան- Լիբանանցի անուանի երգչուհի Մաժիտա Ալ Րումի Երեւան պիտի այցելէ: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է երգչուհիին մօտիկ աղբիւրներուն կողմէ: Տեղեկութիւններ չկան այցին բնոյթին մասին, սակայն կը նշուի, որ երգչուհիին Երեւան տալիք այցը առաջինը պիտի ըլլայ իր տեսակին մէջ: Րումի, որ լիբանանեան Ժունիյէ քաղաքին մէջ մէջ կայացուած իր վերջին համերգին ընթացքին հայերէն երգած էր յառաջիկայ Սեպտեմբերին պիտի մեկնի Յորդանան, ելոյթ ունենալու «Մեռեալ ծովու փառատօն»ին: Մաժիտա Ալ Րումի կը համարուի լիբանանեան էսթրատայի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մին: Ան երգած է ՝ Սայիտ Աքըլի, Ունսի Ալ Հաժի, Նիզար Քապանիի եւ այլ անուանի բանաստեղծներու բառերով: