Երէկ գիշեր արտակարգ դէպք մը գրանցուեցաւ Երեւանի «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ, երբ տիպի ինքնաշարժ մը յայտնուած է մայթեզրին։ Ինքնաշարժավարը առանց յարգելու երթեւեկութեան կանոնները քշած է ոստիկանական զօրքերու ուղղութեամբ ապա «կոտրած» է անոնց շղթան ու ճողոպրած։
Աւելի ուշ պարզ դարձած է, որ վարորդը լքելով ինքնաշարժը խոյս տուած է։
Ոստիկանութիւնը այսօր առաւօտ եղածին վերաբերեալ հաղորդագրութեամբ հանդէս եկած է նշելով, որ Արարատ շրջանի բնակիչ վարորդը ( 25 տարեկան) ձերբակալուած է եւ եղածին վերաբերեալ բացուած է քննութիւն։
Ներքոդրեալ տեսանիւթը աւելի յստակ կը ներկայացնէ ստեղծուած խայտառակ վիճակը։
Մայթին յայտնուած ինքնաշարժը տագնապի պատճառ. Խուճապ, կրակոց եւ հետապնդում (Լուսանկար,Տեսանիւթ) pic.twitter.com/ShcTU8KdTD
— arevelk.am (@arevelk1) February 11, 2023