image

Մայր Աթոռի տնօրինմամբ. Քահանայ հայրեր Իարք գործուղուած են (Լուսանկար)

Մայր Աթոռի տնօրինմամբ. Քահանայ հայրեր Իարք գործուղուած են (Լուսանկար)

Օրերս եւ բարձր հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատ ժամանած են երիտասարդ քահանայ հայրեր։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Իրաքի Հայոց Թեմէն, որ այս մասին ալ տարածած է ամփոփ հաղորդագրութիւն մը։

Ստորեւ տարածուած հաղորդագրութիւնը՝

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի խնդրանքին ընդառաջելով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հայրապետական տնօրինութեամբ՝ Արժանապատիւ Տ. Արտակ քհն. Միրզոյեանը եւ Տ. Սեպուհ քհն. Պաղտասարեանը ծառայութեան կոչած է Իրաքի Հայոց Թեմին մէջ:

Նորանշանակ հոգեւորականները ձեռնասուններն են թեմիս բարեխնամ Առաջնորդին:

Ուրախ ենք յայտնելու որ անոնք երեքշաբթի օր, 2024 թ. Ապրիլի 2-ին ժամանեցին Իրաք, իսկ յաջորդ օրը առաւօտուն այցելեցին Առաջնորդարան ու պաշտօնապէս ներկայացան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանին, որը սիրալիր ընդունելութեամբ եւ բարի գալուստի խօսքերով դիմաւորեց զիրենք ինչպէս նաեւ բարի առաքելութիւն մաղթեց անոնց:

Այնուհետեւ հոգեւորականները ծանօթացան Առաջնորդարանի զանազան կառոյցներուն: Անոնց ուղեկցեց Արամ սրկ. Քէթէնճեանը որն տեղեկութիւններ տուաւ Ազգային Վարժարանի, թանգարանի, գրադարանի եւ այլ բաժիններու մասին. զանոնք ծանօթացուց առաջնորդարանի պաշտօնէութեան, ներկայացնելով իւրաքանչիւրին կատարած գնահատելի աշխատանքը:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր որոշումով, նորանշանակ հոգեւորականները ժամանակ մը պիտի ծառայեն Պաղտատի մեր եկեղեցիներուն մէջ:

Յատկանշական է որ յառաջիկայ Ուրբաթ օր, ամսոյս 5-ին Տ. Արտակ քհն. Միրզոյեանը պատարագ պիտի մատուցանէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ:

Իսկ Կիրակի Ապրիլ 7-ի երեկոյեան Տ. Սեպուհ քհն. Բաղտասարեանը պիտի պատարագէ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: 

Առաջնորդարանս կոչ կուղղէ մեր սիրեցեալ հաւատացեալներուն օգտուելու այս առիթներէն ու ներկայ ըլլալու հոգեպարար արարողութիւններուն ինչպէս նաեւ մօտէն ծանօթանալու համայնքիս նորանշանակ եւ երիտասարդ հոգեւորականներուն: