image

Մատաղօրհնէք՝ Հոլիվուտի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ. Պատարագած է Գերշ. Տ. Թորգոմ եպս.ը (Լուսանկար)

Մատաղօրհնէք՝ Հոլիվուտի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ. Պատարագած է Գերշ. Տ. Թորգոմ եպս.ը (Լուսանկար)

 Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի դիմատետրեան էջէն կը  կարդանք՝ 

Կիրակի, 15 Յունուար 2023-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնին առիթով, Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ մատոյց, քարոզեց, սրբապատկերներու օծում եւ մատաղօրհնէք կատարեց Հոլիվուտի նոյնանուն Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ: 

Ս. խորանին սպասարկեցին Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան եւ սարկաւագներ: Սրբազան արարողութեան ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան անդամներ, Հոգաբարձական կազմը, Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի տնօրէնուհին, շրջանի մէջ գործող միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը: 

Հոգեւոր շարականներու եւ աղօթքներու երգեցողութեամբ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սրբապատկերի օծում, ապա իր պատգամին ընդմէջէն վեր առաւ աստուածային զօրութեան կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ Տիրոջ ողորմութիւնը այնքան անչափելի է իր տարողութեամբ ու անեզրականութեամբ, որ դարձեալ մեզ կը կապէ Երկնքին եւ մեր հաւաքական կեանքը կը լեցնէ աստուածային լոյսով, այնքան ատեն, որ մենք հաւատքով զօրաւոր ենք եւ մեր հոգիներուն դռները բաց կը պահենք Յիսուս Քրիստոսի առջեւ: 

Իր պատգամի աւարտին Թորգոմ Եպիսկոպոս շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն ու բոլոր Յովհաննէս եւ Կարապետ անունները կրողները, ապա օրհնեց մատաղը, որ նշխարի պէս բաշխուեցաւ եկեղեցին լեցուցած բոլոր մարդերուն: 

Յայտնենք, որ Սրբազան արարողութեան ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը օծեց երկու սրբապատկերներ, առաջինը՝ Սրբոց Նահատակաց՝ նուիրուած Դաւիթ եւ Գոռ Մաթեւոսեան եղբայրներէ, ի յիշատակ իրենց մեծ հօր, իսկ երկրորդը՝ Ս. Քառասնից Մանկանց՝ նուիրուած Մանուկ Սրկ. Ջուլեանէն՝ ի յիշատակ իր մեծ ծնողաց: