image

Մասիս քաղաքի աղբավայրի հրդեհը տակաւին չէ մարած

Մասիս քաղաքի աղբավայրի հրդեհը տակաւին չէ մարած

 

ԱԻՆ Փրկարարական ծառայութեան Երեւան քաղաքի եւ մարզային փրկարարական վարչութիւններու հրշէջ-փրկարարական ջոկատները ինը օր շարունակ հրդեհաշիջման աշխատանքներ եւ հերթապահութիւն կ'իրականացնեն Մասիս քաղաքի աղբավայրին մէջ:
 Այժմ հրդեհաշիջման աշխատանքները ժամանակաւորապէս դադարեցուած են եւ փոխարէնը կ'իրականացուի հերթապահութիւն։
 Նշենք, որ 22 Մայիսին, Մասիս քաղաքի աղբավայրին մէջ հրդեհ բռնկած է եւ մարման աշխատանքներ իրականացնելու համար անհրաժեշտ եղած է հրշէջ-փրկարարներու օգնութիւնը:
 Հրդեհի մասին ահազանգած են Արարատի մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոն, որմէ ետք դէպքի վայր մեկնած է հրշէջ-փրկարարական ջոկատներ: Պարզուած է, որ մօտ 2 հա տարածքի մէջ աղբ կ'այրի։