image

«Մարզաշխարհը խթան է հայ-իրանեան բարեկամութեան».Իրանցի լեռնագնացներ Արագած լեռ բարձրացած են

   «Մարզաշխարհը խթան է հայ-իրանեան բարեկամութեան».Իրանցի լեռնագնացներ  Արագած լեռ  բարձրացած են

 

Օրերս Իրանէն ժամանած լեռնագնացներու խումբ մը բարձրացած է Արագած լեռ, որպէս բարեկամութեան արտայայտութիւն տարածաշրջանի ժողովուրդներուն, նաեւ որպէս երկխօսութեան կոչ    տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն միջեւ։

 Այս առթիւ ալ «Արեւելք» զրոյց մը ունեցաւ խումբի անդամներուն հետ: 

 

 

 

 

Խումբի ղեկավար Ճեւատ Անսարի խօսելով  այս նախաձեռնութեան մասին  ըսաւ.- «Մեր երիտասարդ  մարզիկներու  հովանաւորը  համեստօրէն ես եմ, եւ միշտ պատրաստ եղած եմ անոնց օժանդակելու, երկու տարի առաջ անոնք Արարատ  լեռը բարձրացան եւ այս տարի ալ նոր խումբ կազմելով եկան Հայաստան ու , որպէսզի  Արագած լեռը դարձեալ բարձրանան: Կրնամ ըսել որ մեր  տղաքը  Արագած լեռը շատ հեշտ բարձրացան, եղանակը լաւ էր օգնեց անոնց, ոչ մէկ դժուարութեան հանդիպեցան, խումբը միակամ ձեւով յառաջացաւ: Ի ուրախութիւն մեր բոլորին խումբին մէջ կային աւելի փոքր տարիքով երիտասարդներ, օրինակ մասնակիցներուն մէջ կար 15 տարեկան  պատանի մը, որ բաւական խանդավառուած էր եւ նոյնիսկ իրմէ մեծերուն կ'ոգեւորէր: Նպատակս այս մարզական խումբը կազմելու երիտասարդութիւնը յորդորել է, որ մասնակցին այսպիսի հաւաքական նախաձեռնութիւններու: 

Ես նաեւ երկար ժամանակէ ի վեր առեւտրական գործունէութիւն կը ծաւալեմ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ եւ Երեւանի մէջ ալ գրասենեակ ունինք, ուր տարբեր առեւտրական նախաձեռնութիւններով կը զբաղինք»:

Իսկ այն հարցումին, որ Իրան շատ մեծ նեցուկ է Հայաստանին եւ շատ բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ կան  երկու երկիրներու միջեւ, եւ արդեօք ժողովրդային մակարդակին վրայ ալ այդ ջերմութիւնը կա՞յ, Անսարի պատասխանեց.-«Այո անշուշտ կայ այդ ջերմութիւնը, սակայն մեր նպատակն է ինչպէս քիչ առաջ ալ նշեցի երիտասարդներուն ուժ տալ եւ այսպիսի երիտասարդական մարզական նախաձեռնութիւններ կատարել, որպէսզի այդ ջերմութիւնը աւելի երեւելի դառնայ, եւ փոխ այցելութիւններ ըլլան ոչ միայն Թեհրանէն Երեւան այլ նաեւ Երեւանէն Թեհրան եւ անշուշտ իրանեան տարբեր նահանգներէն դէպի Հայաստանի տարբեր քաղաքներ:

Անշուշտ նաեւ կ'ուզեմ նշել, որ Երեւանի ժողովուրդը միշտ բարեացակամ վերաբերմունք ունեցած է մեր հանդէպ, միշտ հիւրընկալ եղած է եւ երբ ալ իրանցիներ եկած են Հայաստան նկատած են, թէ ինչպէս Հայաստանի հայ ժողովուրդը հիւրընկալ ջերմ ձեւով կ'ընդունի Իրանի մեր քաղաքացի եղբայրներն ու քոյրերը»: 

«Մարզանքը մեզի համար ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութեան առիթը ստեղծելու միջոց մըն է: Մարզանքը երկու ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան կոչ մըն է: 

Մենք միշտ ունեցած ենք Հայաստանի նեցուկ կանգնելու հնարաւորութիւնը, նաեւ ստանձնած ենք երկխօսութեան համար միջնորդի դեր:  Մենք այդ հնարաւորութիւնը ունինք, որովհետեւ իրանի քաղաքացիները թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ՛ Հայաստանի հետ կրնան խօսիլ: Եւ այս դերերուն համար որպէս ողջամիտ եւ լայնախոհ միջնորդ աւելի  աշխատանքներ կ'ուզեմ ունենալ իմ խումբերուն հետ»:

 

 

 

Խումբի անդամներէն Իպրահիմ Ճալեհ իր հերթին  ըսաւ .- 

«Քանի մը օր տեւեց մեր ճամբորդութիւնը, ցամաքով եկանք Հայաստան բարձրանալու համար Արագած լեռը: Մեր նպատակն է աւելիով բարեկամական մօտեցումներ ցուցաբերել եւ աւելիով ամրապնդել հայ-իրանական յարաբերութիւնները անշուշտ միշտ մարզական նախաձեռնութիւններ կատարելով եւ նաեւ երիտասարդութիւնը մարզաշխարհին մէջ ներգրաւել:

Մեր երկու ժողովուրդները դարերէ ի վեր խաղաղ անցեալ մը ունեցած են, երբ մենք սահմանէն ներս մտանք կարծես թէ մեր երկիրը մտանք, այնքան հիւրասիրութեամբ ընդունեցին: Կ'ուզեմ ողջունել յատկապէս Հայաստանի մեր հարեւանները, անոնք մեր եղբայրներն են, մենք երկար ճանապարհ անցած ենք իրենց հետ եւ վստահ եմ, որ այդ բարեկամութեան մթնոլորտին մէջ գոյացած ճանապարհը պիտի շարունակուի պիտի ուրճանայ եւ պիտի աճի:»   

 

Իր կարգին խումբի անդամներէն Իպրապիմ Ռուհի ըսաւ.- «Մեր նպատակը միայն մարզական նախաձեռնութիւն մը չէր, այլ նաեւ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութիւն հաստատել էր, այստեղէն՝ Երեւանէն կ'ողջունեմ բոլորը եւ կ'ըսեմ որ մեր առաքելութիւնը աւարտած է եւ դարձեալ պիտի վերադառնանք: Յիշեմ որ ես երկար տարիներ է մարզաշխարհին մէջ եմ եւ պիտի շարունակեմ գործունէութիւնս: Անշուշտ շատ բարձր կը գնահատեմ Հայաստանի հետ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան բարեկամական եղբայրական յարաբերութիւնները եւ վստահ եմ որ նման նախաձեռնութիւններ աւելիով պիտի զարգացնեն մեր երկկողմանի կապերն ու յարաբերութիւնները»: