image

Իսրայէլն Իրանի մէջ միջուկային կառոյց ոչնչացուցած է հոկտեմբերի հարուածի ընթացքին. Axios

Իսրայէլն Իրանի մէջ միջուկային կառոյց ոչնչացուցած է հոկտեմբերի  հարուածի ընթացքին. Axios

Իսրայէլ Իրանի մէջ միջուկային կառոյց ոչնչացուցած է հոկտեմբերի հարուածի ընթացքին: Այս մասին գրած է  Axios:

Պարբերականի տուեալներով՝ խօսքը Փարչինի յոյժ գաղտնի հետազօտական կայանի մասին է, որ կապուած է միջուկային զէնքի մշակման հետ:

Հաղորդուած է, որ կառոյցը, որ նախապէս կը համարուէր ոչ գործօն, իրականութեան մէջ կը գործէր:

Axios վկայակոչած է երեք ամերիկացի պաշտօնեաներ, մէկ գործող իսրայէլացի պաշտօնեայ եւ մէկ նախկին պաշտօնեայ: Այս տեղեկատուութեան պաշտօնական հաստատում դեռ չկայ: