image

Մարոքցի Երեխային պատմութեան տխուր աւարտը. Ռայան այսօր կը յուղարկաւորուի

Մարոքցի Երեխային  պատմութեան տխուր աւարտը. Ռայան  այսօր կը յուղարկաւորուի

Մարոքը հրաժեշտ կու տայ փոքրիկ Ռայանին, որ մահացած դուրս հանեցին ջրհորէն, որու մէջ կախուած էր հինգ օրէ: Ողբերգութիւն մը, որ ցնցեց աշխարհը՝ մեծ ցնցում եւ վիշտ յառաջացնելով: Անոր յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Իկրան գիւղին մէջ, ուր տեղի ունեցած էր արկածը, թագաւորութեան հիւսիսային շրջանին մէջ:

Երեխայի դին Ռապաթի զինուորական հիւանդանոց տեղափոխած էին:

Հնգամեայ Ռայանի ողբերգութիւնը բարդ գործընթաց կը պահանջէր ջրհորին մէջ իրեն հասնելու համար, զայն մահացած վիճակով դուրսբերումը վիշտի ալիք թողեց Մարոքի եւ ամբողջ աշխարհին մէջ:

 

Դժբախտաբար, աշխատանքը որ սկսած էին կատարել՝ փորելու այն ջրհորը, որուն մէջ պատահաբար ինկած էր երեխան, ինչպէս նաեւ փապուղին, որու կառուցումը մեծ ջանքեր պահանջած էր, աւարտեցաւ ջրոհորէն դուրս բերելով հնգամեայ Ռայանին դին, որուն մահուան համար ցաւակցեցան աշխարհի չորս ծագերէն: