image

Մարտունիի մէջ «Թուֆենկեան»-ի հերթական բարեգործական ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուեցաւ

Մարտունիի մէջ «Թուֆենկեան»-ի հերթական բարեգործական ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուեցաւ

«Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամը իր առաքելութեան հաւատարիմ կը շարունակէ մնալ Արցախի ու արցախահայութեան կողքին:

19 Հոկտեմբերին հերթական ընդհանուր վերանորոգուած առանձնատունը շահագործման յանձնուած է Մարտունի քաղաքին մէջ:

Հայրիյեաններու ընտանիքը բնակարանը ստացած է 2006-ին` բազմազաւակ ընտանիքներուն բնակարաններով ապահովելու պետական աջակցութեան ծրագրով: 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով վնասուած է տունը, ծանր վիրաւորում ստացած 27-ամեայ որդին` Հայկ Հայրիյեանը: Հիմնադրամին հովանաւորութեամբ ընդհանուր վերանորոգուած է 3 սենեակնոց առանձնատունը:

«Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամի հանրային կապերու տնօրէն Ռուբէն Ճանպազեան իր խօսքին մէջ նշեց. «Հայկը մեր այն հերոսներից է, որ պատերազմի ողջ ընթացքում պայքարել է հայրենիքի պաշտպանութեան համար: Այս քայլով մենք ուզում ենք ցոյց տալ Հայկին, որ ոչ միայն Արցախի ու Հայաստանի ժողովուրդը, այլեւ սփիւռքահայութիւնն իր կողքին է: Այս անգամ մենք ներգրաւեցինք մեր սփիւռքի ներուժը, համացանցի միջոցով նուիրահաւաք կազմակերպեցինք եւ այդ միջոցներով այսօր այս ընտանիքին յանձնեցինք վերանորոգուած բնակարանը»:

Ընտանիքին մայրը` Նորա Հայրիյեանն, իր շնորհակալութիւնն ու երախտիքի խօսքը ուղղած է «Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամին` դժուար օրերուն իրենց կողքին կանգնելու եւ սատար ըլլալու համար. «հիմնադրամի շնորհիւ այսուհետ ապրելու ենք բարեկեցիկ պայմաններ ունեցող մեր տանը», նշած է ան:

Նոյն օրը, յետպատերազմեան ժամանակահատուածին Մարտունիի մէջ թիւով 8, իսկ Խերխանի մէջ` առաջին տունը շահագործման յանձնեցին` Սէյրանեաններու ընտանիքին:

Ընտանիքին մայրը` Մարինէ Սէյրանեանը, կը պատմէ, որ 6 հոգինոց ընտանիքը այս տան մէջ կ'ապրէր: Տան կցակառոյց հատուածի կառուցման աշխատանքները սկսած էին, առաջին յարկին պատերը արդէն դրած, երբ սկսաւ չարաբաստիկ պատերազմը: Ամուսինը` Ստեփան Սէյրանեանը, մեկնեցաւ մարտադաշտ եւ 22 Հոկտեմբերին, Ջիւանիի տարածքին մէջ, անօդաչու թռչող սարքի հարուածէն միացաւ անմահներու գունդին: Պատերազմէն յետոյ կցակառոյցի եւ վերանորոգման աշխատանքները աւարտին հասցուց «Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամը:

«Ցաւով ենք նշում, որ տանտէրն ու իր նման բազմաթիւ տղաներ այսօր մեզ հետ չեն: «Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամը նման ընտանիքների կողքին է: Փորձում ենք անել հնարաւորինս, որպէսզի փոքր ինչ դիւրացնենք հերոսների ընտանիքների անդամների կեանքը», իր խօսքին մէջ նշեց հիմնադրամի տնօրէն Գրիգոր Պետեանը:

«Տան կառուցման եւ վերանորոգման աշխատանքները սկսել են Սեպտեմբերի 5-ին, աւարտել ուղիղ 44 օր յետոյ… Շնորհակալութիւն ենք յայտնում Հիմնադրամին` բանուորից մինչեւ տնօրէն, բոլոր բարերարներին` մեզ աջակցելու, մեր կողքին լինելու համար», նշեց Մ. Սէյրանեանը:

Տան բացման պատուաւոր առաքելութիւնը իրականացուց ընտանիքի կրտսեր որդին` Արեգը: Չնայած անոր, որ ֆիզիքապէս կորսնցուցած են տան յենասիւնը, բայց ան հոգեպէս միշտ ընտանիքին հետ է ու պիտի շարունակէ ապրիլ ընտանիքին հետ` այդ մեծ առանձնատան մէջ: Որդիները յստակ որոշած են. պիտի մնան ու շէնցնեն հայրենի գիւղը:

Սէյրանեաններու ընտանիքին մէջ յառաջիկային երկու ծնունդ պիտի ըլլայ, ովքեր իրենց հետ նոր ապրումներ պիտի բերեն, նոր իմաստ ու ապրելու ուժ պիտի տան:

 

Նիւթը՝ «Ամարաս» պարբերականէն: 

Հեղինակ՝ Նարինէ Հայրապետեան