Սիրուած, պարտաճանաչ եւ նուիրեալ մայր ու մեծ մայր։ Այսպէս կարելի է բնութագրել օրերս Մարսէյլի մէջ իր աչքերը յաւերժին փակած Մարի Յակոբեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։
Հանգուցեալը ծնած էր Աղէքսանտրէթ 1934-ին եւ կեանքի մեծ մասը ապրած Լիբանանի հայաշէն հայկական թաղամասին մէջ։
Երկիրը տագնապի մատնած քաղաքացիական պատերազմի ցաւը հասած է նաեւ հանգուցեալի ընտանիքին, երբ ռազմական գործողութիւններու ամենածանր ժամանակներուն արձակազէնի զոհ կերթար Տիկին Մարիի դուստրը՝ Ռիթան խոր վիշտ ու ցաւ պատճառելով բոլոր հարազատներուն։
Շրջան մը ետք Տիկին Մարի իր զաւակներուն առաջնորդութեամբ կը փոխադրուի ՝ Ֆրանսա եւ կը հասատուին Մարսէյլ քաղաքին մէջ, ուր եւ կ՚ապրի եւ որպէս մայր ու մեծ մայր օգնութեան ձեռք կերկարէ իր չորս զաւակներուն ու թոռներուն։
Տեղին է նշել, որ նախքան Ֆրանսա հաստատուիլը Տիկին Մարին եղած է աշխոյժ անդամուհի եւ վարչական Լիբանանի Օգնութեան Խաչի՝ ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղին, որն այս առթիւ ալ դիմատետրով կարճ մահագրութիւն մը հրապարակած էր ընկերային ցանցերուն վրայ։
Հանգուցեալի յուղարկաւորութիւնն ու թաղման կարգը պիտի կատարուին այսօր ՝ երեքշաբթի 9 օգոստոսին Մարսէյլի Պոմոն շրջանի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, իսկ ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին Մարսէյլի ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կեդրոնէն ներս։