ԼՂՀ- «Մեր նպատակը կարեւոր փորձ ունեցող եւ իրենց ասպարէզներուն մէջ յաջողած մարդուժը նաեւ Արցախ բերելն է»,- «Արեւելք»ին ըսաւ «ԹՈՒՄՈ» ստեղծարար կեդրոնի տնօրէն՝ Մարի Լու Փափազեան: Փափազեան, որ կարեւորութեամբ նշեց Երեւանի մէջ հիմնադրուած «ԹՈՒՄՈ» կեդրոնի ձեռքբերումները նոյնպէս հաստատեց, որ կեդրոնը կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ յաջողեցաւ փայլուն արդիւնքներու հասնիլ եւ այդ յաջողութեան հիմնական գրաւականն էր նոր գաղափարներու եւ ընդունակ մարդուժի համալրումը: Մարի Լու Փափազեան շարունակելով իր խօսքը ըսաւ. «Յաճախ կ'ըսուի, որ Ղարաբաղի մէջ հնարաւորութիւններն ու սահմանները փակ են բայց խորքին մէջ այդպէս չէ, որովհետեւ բոլոր պարագաներուն ալ կարեւորը միտքն է ու այդ միտքը անկարելի է բանտարկել:» Ըստ Փափազեանի իրենց համար կարեւորագոյն նպատակը Արցախի ազատ մտքին զարգացումը եւ յաջողութեան հասնիլն է:«ԹՈՒՄՈ»ի տնօրէնուհին նաեւ ըսաւ, որ հիմնարկին մասին հետաքրքրութիւն կայ սփիւռքի հայաշատ գաղութներուն եւ յատկապէս Պէյրութի մէջ դիտել տալով, որ այդ առումով արդէն սկիզբ առած է որոշ համագործակցութիւն: Նշենք, որ երէկ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ բացումը կատարուած էր «ԹՈՒՄՈ»ի տեղի մասնաճիւղին:
Լուսանկարը ՝ «Արեւելք»ի: