Բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան տարածքին մէջ մեկնարկած են Ատրպէյճան-Իրան «Արազ-2025» համատեղ զօրավարժութիւնները. ատոնք պիտի տեւեն մինչեւ մայիս 21-ը:
Նախօրէին հաղորդուած էր, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան՝ զօրավարժութիւններուն մէջ ներգրաւուած անձնակազմի ղեկավարը եւ այլ մասնակիցներ ժամանած են Ատրպէյճան: Հանդիպում կայացած է զօրավարժութիւններուն մասնակցող անձնակազմերու ղեկավարներու եւ երկու երկիրներու բարձրաստիճան այլ ներկայացուցիչներու միջեւ։