image
Հրատապ լուրեր:

Մարդկային Իրաւանց Պաշտպանը այցելած է Հայաստանի մէջ ձերբակալուած ատրպէյճանցիներուն

Մարդկային Իրաւանց Պաշտպանը այցելած է Հայաստանի մէջ ձերբակալուած ատրպէյճանցիներուն

Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդկային իրաւանց պաշտպան Անահիտ Մանասեանն այսօր՝ 16 ապրիլին, այցելած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կալանաւորուած զինծառայողներուն, յայտնած են Մարդկային Իրաւանց Պաշտպանի գրասենեակէն:

Պաշտպանը ծանօթացած է վերջիններուս պահման պայմաններուն եւ անոնց իրաւունքներու ապահովման առնչուող հարցերուն, այդ շարքին՝ առողջութեան պահպանման իրաւունքին։ Առանձնազրոյցներու ընթացքին պետական մարմիններու եւ պաշտօնատար անձանց կողմէ խոշտանգումներու, վատ վերաբերմունքի այլ ձեւերու, հոգեբանական ճնշումներու վերաբերեալ որեւէ բողոք չէ ներկայացուած։

Մարդկային իրաւանց պաշտպանի կողմէ արձանագրուած է, որ նշուած անձինք ապահովուած են պատշաճ պահման պայմաններով, այդ շարքին՝ մշտական խմելու ջուրով, սնունդով, անձնական մաքրութեան պարագաներով։

Ըստ անհրաժեշտութեան՝ վերջիններս կը ստանան բժշկական օգնութիւն եւ սպասարկում։ Այցին ներգրաւուած եղած է Պաշտպանի աշխատակազմի բժիշկ-մասնագէտը, որ ծանօթացած է նշուած անձանց բժշկական փաստաթուղթերուն եւ տրամադրուող բժշկական օգնութեան ծաւալներուն։ Ազատութենէ զրկուած անձինք տեղեկացուցած են, որ ծանօթ են իրենց առաջադրուած մեղադրանքին, իրենց տրամադրուած է անվճար հանրային պաշտպան, վարոյթի ողջ ընթացքին ապահովուած է եղած է թարգմանչի մասնակցութիւնը։

Մարդկային իրաւանց պաշտպանի կողմէ ազատութենէ զրկուած անձանց պարզաբանուած են իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան մեխանիզմները, դատական գործով կիրառուած սահմանափակումներու բնոյթը, ատոց բողոքարկման կարգը եւ ժամկէտները, ինչպէս նաեւ Մարդկային իրաւանց պաշտպանին դիմելու կառուցակարգերը։