image

Մաքրոնի շահերը Պէյրութի մէջ...

 Մաքրոնի շահերը Պէյրութի մէջ...

Ի դէպ  Ֆրանսայի թեման աւելի քան աշխոյժ դարձաւ վերջին շաբաթներուն, երբ նկատուեցաւ Փարիզի կողմէ գործի դրուած նոր որակի ճիգերու հանրագումարը, որոնց նպատակն էր «լուծել» Լիբանանի նոր նախագահի ընտրութեան հիմնահարցը։ 

 Այո լուծել այդ հարցը պարզապէս ի վնաս Լիբանանի քրիստոնեաներուն, որոնք ի տարբերութիւն միւս հատուածներուն մեծ փափաք ունին, որ Լիբանանի խնդիրը ունենան արմատական լուծումներ։

Ըստ երեւոյթին Ֆրանսա Լիբանանի հետ կը շփուի բացառապէս շահակցական մօտեցումներով։ Հիմա մեր ընթերցողները զարմանքով պիտի ընկալեն այս մօտեցումը նշելով նաեւ, որ բոլոր ուժեղ տէութիւններուն համար առաջնայինը միայն ու միայն շահն է ու շահու աղբիւրը։ 

Ի դէպ  Ֆրանսայի թեման աւելի քան աշխոյժ դարձաւ վերջին շաբաթներուն, երբ նկատուեցաւ Փարիզի կողմէ գործի դրուած նոր որակի ճիգերու հանրագումարը, որոնց նպատակն էր «լուծել» Լիբանանի նոր նախագահի ընտրութեան հիմնահարցը։ 

 Այո լուծել այդ հարցը պարզապէս ի վնաս Լիբանանի քրիստոնեաներուն, որոնք ի տարբերութիւն միւս հատուածներուն մեծ փափաք ունին, որ Լիբանանի խնդիրը ունենան արմատական լուծումներ։

Այս բոլորին մասին կը խօսի մեկնաբան  Սագօ Արեան, որ նաեւ նկատել կու տայ, որ Մաքրոնի իշխանութիւնը ըստ շրջանառուող տեղեկութիւններու կը պատրաստուի կարեւոր գործարքներ կնքել Լիբանանեան «Հըզպալլա»ին հետ։ 

 Արեան նաեւ կը նշէ, որ առանց ամբողջական եւ խորքային լուծումներու Լիբանան պիտի չկարողանայ բնական հունի մը մէջ մտնել։

 

 Մնացեալը՝ տեսանիւթով։

Չմոռնանք յիշեցնել մեր ընթերցողներուն՝ բաժանորդագրուիլ՝ Arevelk.am Youtube-եան ալիքին ու նաեւ հարկ եղած պարագային մեկնաբանութիւններ թողել նիւթերուն տակ։