Էլիզէի պալատը հաղորդեց, որ նախօրէին տեղի ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմաննուէլ Մաքրոնի հեռախօսազրոյցը Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ:
Մաքրոն կոչ ըրած է արագացնելու Իրանի միջուկային համաձայնագրին Ուաշինկթընի ու Թեհրանի վերադարձը բանակցութիւններու` շօշափելի արդիւնքներու հասնելու համար:
Նշենք, որ Վիեննայի բանակցութիւններուն մէջ հիմա դադար յայտարարուած է: