Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն սպառնացած է ցրել երկրի ազգային ժողովը (խորհրդարանի ստորին պալատը) կենսաթոշակային բարեփոխումներու նախագիծի քուէարկութեան ձախողման պարագային։ Այս մասին յայտնած է BFMTV հեռուստաալիքը։
Յինգշաբթի՝ 16 մարտին, Ֆրանսայի ազգային ժողովէն ներս տեղի պիտի ունենայ ամբողջ երկրին մէջ բողոքի ալիք բարձրացուցած կենսաթոշակային բարեփոխումներու նախագիծի վերջնական քուէարկութիւնը։ Այս օրինագիծով կ'առաջարկուի երկրին մէջ կենսաթոշակային տարիքը բարձրացնել մինչեւ 64 տարեկան։
Ինչպէս հաղորդած է հեռուստաալիքը՝ յղում ընելով կառավարական աղբիւրին, Մաքրոն չորեքշաբթի երեկոյեան Էլիզեան պալատէն ներս հանդիպած է վարչապետ Էլիզապէթ Պորնի հետ։ BFMTV-ի տուեալներով՝ հանդիպման ընթացքին Մաքրոն յայտարարած է, որ քուէարկութեան ձախողման պարագային ազգային ժողովը կրնայ յայտնուիլ ցրուելու վտանգի տակ։