image

Մանօ Շէկեանի մահուան Ա. տարելիցին առիթով

Մանօ Շէկեանի մահուան Ա. տարելիցին առիթով

Այս օրերուն կը նշենք յիշատակը ամբողջ Լիբանանի մէջ հանրածանօթ Մանօ Շէկեանին` մէկ տարի առաջ կեանքէն վաղաժամ հեռացած մեր սիրելի ընկերոջ:

Երբ կը մտածեմ անոր կեանքին մասին, կը մտաբերեմ անոր բազմաթիւ հրաշալի յատկութիւնները ու նաեւ կ՛ուզեմ, որ ուրիշներ ալ գիտնան այդ մասին:

Միշտ պիտի յիշեմ այն պահը, երբ Մանօ Շէկեան կու գար կէսօրուան սուրճը մօտս առնելու: Երբ տեսնէր, որ մտահոգ կամ անտրամադիր եմ որեւէ պատճառով, անպայման կ՛ըսէր` «Քէֆ ըրէ, ուրախ եղիր»: Նոյն ոգիով ան կը կազմակերպէր բոլորին ծանօթ «ոչխարի խնճոյքներ» իր հաստատութեան աշխատաւորներուն համար` շատ լաւ հասկնալով, որ այդ պահերը կարեւոր են այդ երիտասարդներուն համար, որպէսզի շունչ առնեն առօրեայ յոգնութենէն եւ թեթեւնան օրուան հոգերէն: Նման հաւաքոյթներ կ՛ընէինք նաեւ մտերիմներու փոքր խումբով մըն ալ, ուր կը հնչէր երգը` հայերէն ու յունարէն, յատկապէս` Արագած թաղամասի մեր բարեկամ երգիչին բերնով, մեզ տանելով դէպի երիտասարդութեան անցած օրերը:

Ո՞վ էր Լիբանանի ամբողջ տարածքին եւ անկէ դուրս ալ միլիոնաւոր մարդոց հիացմունքին արժանացած ապուխտի արտադրութեան այս հիանալի կազմակերպիչը` իր մտերմութեան մէջ:

Մանոն ո՛չ միայն յայտնի էր իր առատաձեռնութեամբ, այլ նաեւ իր թեթեւսրտութեամբ, պարզութեամբ եւ խոնարհութեամբ` հակառակ իր հարստութեան: Ան ապրեցաւ այնպէս, որ իր ունեցածով օգնէ շատերու, որպէսզի անոնք ապրին աւելի հանգիստ, քան այս դժուար կեանքը կը ներէր: Ան իր ունեցածը վերածեց միջոցի` շրջապատին ուրախութիւն պատճառելու համար: Իր մահէն ետք շա՜տ շատեր մինչեւ այսօր, երբ հանդիպին ինծի, իր մասին կ՛ուզեն խօսիլ ու կ՛ըսեն` «Է՜հ, Մանոն մեր քեսէէն գնաց»:

Հակառակ իր յաջողութեան եւ հարստութեան` ան երբեք չկորսնցուց այն, ինչ որ իսկապէս կարեւոր է կեանքին մէջ, այսինքն` բարեկամութիւնը այն մարդոց, զորս կը սիրէր, եւ` մարդկային փոխյարաբերութիւնները, զորս ան կը փայփայէր իր կեանքին պէս:

Մանօ Շէկեան իր կեանքը ապրեցաւ խոնարհութեամբ ու շնորհքով եւ երբեք ուշադրութիւն կամ ճանաչում չփնտռեց իր բարութեան արարքներուն համար:

Ես չկրցայ ներկայ ըլլալ անոր յուղարկաւորութեան. երբ մեռելակառքը հասաւ Մանոյին գործատեղի-խանութին առջեւ, յուզումէս պաղ դող մը եկաւ, ակնթարթի մը մէջ ուշաթափ եղայ, աչքերուս դիմաց մթնեցաւ, ձայնս կարծես կոկորդիս մէջ բանտարկուեցաւ, մարմինս քարացաւ: Այդպէս մնացի մօտ քսան վայրկեան, մինչեւ որ կրցայ գլանիկ մը վառել, իսկ ատկէ ետք ուղղուեցայ տուն: Նստած` աթոռին վրայ, յոգնութենէս աչքերս փակուեցան ու քնացայ մօտ երկու ժամ, իսկ աւելի ուշ աչքերս բացի այն տխուր հաստատումով, որ,  այո՛, ոչ եւս է տասնեակ տարիներու իմ սիրելի ու մտերիմ ընկերս` Մանոն…

Այս օրերուն, երբ կը յիշենք զինք, եկէք` յարգենք ոչ միայն անոր առատաձեռնութիւնը, այլ նաեւ` պարզութեան ու խոնարհութեան ոգին, եկէք` ձգտինք ընդօրինակել այս յատկութիւնները մեր կեանքին մէջ եւ յիշել, որ իսկական հարստութիւնը ոչ թէ նիւթական ունեցուածքին մէջ է, այլ` մեր բարեկամութիւններուն եւ ուրիշներու հետ կիսուող սիրոյ:

Մանոն` մեր ընկերը, հեռացաւ տառապանքի այս աշխարհէն, բայց անոր բարութեան, առատաձեռնութեան եւ խոնարհութեան ժառանգութիւնը կ՛ապրի այն անհամար կեանքերուն մէջ, որոնց վրայ ան ազդեցութիւն ունեցաւ:

Հանգչէ խաղաղութեամբ, սիրելի՛ ընկեր, եւ շնորհակալութիւն, որ ոգեշնչեցիր բոլորս` ըլլալու աւելի լաւ մարդիկ:

 

Նշան Պէրպէրեան

Նիւթը՝ «Ազդակ»էն