Ֆիլիփինի մայրաքաղաք Մանիլլայէն քիչ առաջ թռիչք առնելու պատրաստուող Սէուտական Օդանաւի մը մասին հակասական տեղեկութիւններ կը փոխանցուին: Մինչ լիբանանեան MTV կայանը կը հաղորդէ , որ օդանաւը յետաձգած է իր թռիչքը «հաւանական վտանգներ»ու պատճառով, անդին AFP կը փոխանցէ, որ Մանիլայի ոստիկանութիւնը պաշարման տակ առած է ճամբորդատար օդանաւը: Տարբեր աղբիւրներ կը փոխանցեն նաեւ, որ Սէուտական օդանաւը կրնայ «առեւանգուած» ըլլալ: