Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապասն ամենայն հաւանականութեամբ փետրուարին պիտի այցելէ Ռուսիա։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Պաղեստինի նախագահի խորհրդական Մահմուտ Ալ-Հապպաշը։
«Յստակ օր դեռ չէ նշանակուած, բայց ամենայն հաւանականութեամբ պիտի կայանայ փետրուարին։ Ամսուան հարցով պայմանաւորվածութիւն ձեռք բերուած է, բայց օրը չէ որոշուած»,- ըսած է ան։
Պաղեստինի առաջնորդի խորհրդականի խօսքով՝ Ապասի այցի ընթացքին պիտի քննարկուին ինչպէս երկկողմ յարաբերութիւնները, այնպէս ալ քաղաքական իրավիճակը (Մերձաւոր Արեւելքի մէջ)՝ հաշուի առնելով պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքներուն աջակցելու հարցով Ռուսիոյ առանցքային դերը:
Աւելի վաղ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովը լրագրողներուն յայտնած էր, որ Մահմուտ Ապասի այցը նախատեսուած էր նոյեմբեր 15-ին, սակայն յետաձգուած է պաղեստինեան կողմի խնդրանքով: