91 տարեկանին մահացած է յայտնի գանատացի շարժանկարի դերասան Քրիսթոֆըր Փլամըրը: Այս մասին կը յայտնէ Variety-ն:
Ան մահացած է ԱՄՆ-ի Քոնեքթիքութ նահանգի իր տան մէջ: Մահուան պատճառներու մասին տեղեկութիւններ դեռ չեն հաղորդուիր:
Յիշեցնենք՝ Փլամըր առաւելապէս յայտնի է «Երաժշտութեան ձայնը», «Վարդագոյն յովազի վերադարձը», «12 կապիկ», «Գեղեցիկ միտք մը», «Վիշապի դաջուածքով աղջիկը» ֆիլմերուն մէջ խաղցած դերերով:
Փլամըրին մեծագոյն յաջողութիւն բերած է 2011 թուականին «Սկսնակները» ֆիլմին մէջ իր խաղացած դերը: Կերպարը կերտելու ժամանակ դերասանն արդէն իսկ բոլորած էր իր 82 տարին: Այս աշխատանքի համար ան արժանացած էր «Օսքար»-ի, «Ոսկեայ կլոպուս»-ի եւ ԱՄՆ-ի ֆիլմարտադրողներու՝ «Երկրորդ փլանի լաւագոյն դերասան» անուանակարգում մրցանակի: