image

Մահացած է Տիրամայր Քնար Գուճանեանը

 Մահացած է Տիրամայր Քնար Գուճանեանը

 Այս տխուր առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի պարագաներու եւ մասնաւորապէս  անոր որդւոյն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երիտասարդ միաբաններէն՝ Հոգշ. Տ. Անանիա վրդ. Գուճանեանին։

Պէյրութի մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր աչքերը յաւերժին փակած է Տիրամայր Քնար Գուճանեան։

 Նշենք, որ Քնար Գուճանեան մայրն է (61 տարեկան) Լիբանանի Պեքքա շրջանի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Անանիա վրդ. Գուճանեանին։

 Մայր երեք զաւակներու տիկին Քնար, կամ ինչպէս զինք շուրջինները սիրած են կոչել Ընկհ. Քնար եղած է զուարթախոհ, միութենական կեանքի նուիրեալ եւ բոլորին կողմէ սիրուած անձնաւորութիւն։

 

 Ան աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղամասի «Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան»ի Տիկնանց Յանձնախումբի աշխատանքներու մէջ,իսկ վերջին տարիներուն ձեռնահասօրէն վարած է Լ.Օ.Խ.ի «Աշխէն» մասնաճիւղի ատենապետուհիի պաշտօնը։

 Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի, յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած է այսօր Պուրճ Համուտի «Սրբոց Վարդանանց» եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք անոր մարմինը ամփոփուած է Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզմանատան մէջ։

 Այս տխուր առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի պարագաներու եւ մասնաւորապէս  անոր որդւոյն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երիտասարդ միաբաններէն՝ Հոգշ. Տ. Անանիա վրդ. Գուճանեանին։