image
Հրատապ լուրեր:

Մահացած է Լիբանանցի հանրայայտ խոհարար՝ «Շէֆ Ռամզի»ն (Տեսանիւթ)

  Մահացած է Լիբանանցի հանրայայտ խոհարար՝ «Շէֆ Ռամզի»ն (Տեսանիւթ)

Պէյրութի մէջ անակնկալ մահացած է Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի հանրայայտ խոհարարներէն՝ «Շէֆ Ռամզի»ն։

 Այս մասին լուրը տուած է «Ալ Նահար» պարբերականի կայքը, որ նաեւ նշած է, որ 52 տարեկան խոհարարը մահացած է սրտի ծանր կաթուածի հետեւանքով։

Մեր   ընթերցողներուն յիշեցնենք,  որ «Շէկ Ռամզի»ն (Բուն անունով՝ Ռամզի Շուայրի) մեծ հռչակ սկսաւ ստանալ 90-ական թուականներու կէսէն սկսեալ, երբ ան հերթական եւ դիւրընկալելի հաղորդումներով հանդէս սկսաւ գալ «Ալ Մուսթաքպալ» կայանէն ու անոր երեւումէն ասդին խոհարարական հաղորդումները սկսան բազմանալ։

«Շէֆ Ռամզի»ն նաեւ հիմնադիրն էր խոհարարարական մասնագիտութիւն հաղորդող «Ալ Քաֆաաթ» հիմնարկին։