Մահացած է «աշխարհի ամենաաղքատ նախագահը»՝ Ուրուկուէյի նախկին նախագահ Խոսէ Մուխիքան: Անոր անուանած են «աշխարհի ամենաաղքատ նախագահը» համեստ ապրելակերպի պատճառով. երբ Մուխիքան կը ղեկավարէր երկիրը, ան իր գրեթէ ամբողջ աշխատավարձը կու տար բարեգործութեան։ 2024-ին Մուխիքայի մօտ քաղցկեղ յայտնաբերուած էր։
Ուրուկուէյի նախկին նախագահը (2010-2015) մահացած է 89 տարեկանին։ Այս մասին X-ի էջին յայտարարած է երկրի ներկայիս ղեկավար Եամանտու Օրսին։
«Խոր վշտով կը յայտնենք մեր գործընկեր Խոսէ Մուխիքայի մահուան մասին։ Նախագահ, աքթիւիսթ, առաջնորդ։ Մենք քեզ շատ պիտի կարօտնանք, թանկագին ծերուկ։ Շնորհակալ ենք այն ամէնի համար, որ տուեր ես մեզի, եւ՝ ժողովուրդի հանդէպ խոր սիրոյ համար»,- գրած է ան։