image

Մահ հանրայայտ երգիչ՝ Լեւոն Գաթրճեանի (Տեսանիւթ)

Մահ հանրայայտ երգիչ՝ Լեւոն Գաթրճեանի (Տեսանիւթ)

 Թէեւ երաժշտանոցէ մը չէ վկայուած Լեւոն Գաթրճեանը, սակայն զանազան առիթներով՝ բեմերէն, ձայնասփիւռէն եւ պատկերասփիւռէն ունեցած իր ելոյթներով, իր ձայնին անուշութեամբ եւ հաղորդականութեամբ, հասարակութենէն սիրուած ժողովրդական երգիչ մըն է։ Լեւոնի բնատուր ձայնը ունի հնարաւորութիւններ

 

Միացեալ Նահանգներու մէջ անակնկալ անհանգստութեան իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքի հայկական երգարուեստի հանրայայտ անուններէն ՝ Լեւոն Գաթրճեանը։

 Երկար տարիներէ ի վեր Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած Լեւոն Գաթրճեան կը համարուի -ական թուականներէն սկսեալ մեծ զարգացում ապրած հայ ազգային- հայրենասիրական ինչպէս նաեւ աշուղական երգի տիտաններէն մին։

Շրջանի մը, ուր մասնաւորապէս Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութները մեծ ճիգեր կը գործադրէին դուրս գալու  թրքական երգի ազդեցութիւնէն Լեւոն Գաթրճեան եւ իր սերնդակիցները դարձան իրական առաքելեաներ, որոնք մեծ աւանդ եւ ճիգ ներդրեցին հայերէն երգի տարածման ի խնդիր։ 

 

 Յայտնի պատմաբան Սիսակ Վարժապետեան իր «Հայերը Լիբանանի մէջ» հատորով կարճ անդրադարձ մը կատարած է Գաթրճեանին մասին ու մասնաւորապէս գրած՝ «Թէեւ երաժշտանոցէ մը չէ վկայուած Լեւոն Գաթրճեանը, սակայն զանազան առիթներով՝ բեմերէն, ձայնասփիւռէն եւ պատկերասփիւռէն ունեցած իր ելոյթներով, իր ձայնին անուշութեամբ եւ հաղորդականութեամբ, հասարակութենէն սիրուած ժողովրդական երգիչ մըն է։ Լեւոնի բնատուր ձայնը ունի հնարաւորութիւններ։10 Դէկտ. 1967-ին տուած երգահանդէսի յայտագիրը ամբողջութեամբ նուիրած էր հայկական երաժշտութեան։ Լեւոն Գաթրճեան ապրումով եւ լաւագոյն մեկնաբանութեամբ կատարեց Սայեաթ-Նովայի երգերը։ Լեւոնի մօտ նկատելի է աշուղական երգերու հանդէպ մասնավոր ընդունակութիւն։ Երգերու յաջող կատարման նպաստեց դաշնակի վարժ ընկերակցութեամբ Տիկ. Վարդի-Նատիա-Թաթուլեան։ Իսկ աշուղական երգերուն ընկերակցեցաւ «Գուսան» ժողովրդական նուագախումբը։ Երբ առաջին անգամ լսես Լեւոն Գաթրճեանը, չես հաւատար, որ այդ մարմնէն կ՛րնայ այդքան աղուոր եւ զորաւոր ձայն դուրս գալ: Լեւոն Հալէպահայ է (Սահակեան Վարժարանէն): Հազիւ երեք տարիէ, որ Պէյրութ կը գտնուի: Ան մերերգիչն է Պուրճ Համուտի «Սայեաթ-Նովայ» նուագախումբին։ Կիրակի, 2 Յունուար 1966-ին, լիբանանահայ ուսուցիչները վայլեցին անոր ձայնը իրենց ընկերական հանդիպումին։ Լեւոն իր ազատ ժամերը երաժշտութեան նուիրած է եւ շատ մօտիկ ապագային ան պիտի մեկնի Իտալիա կամ Երեւան. Հոն ուր որ աւելի յարմար ըլլայ իրեն եւ իրնեններուն համար։ Մենք Կ՛ուզենք որ Լեւոն երթայ Երեւան եւ դառնայ Հայ երգիչ մը, դառնայ երկրորդ Արմենակ Շահմուրատեան մը իր թենորի սքանչելի ձայնով»։

 

 Նշենք նաեւ, որ բեմէն քաշուելէն ետք Գաթրճեան արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն ու նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնէն։ Իսկ անոր մեծագոյն պարգեւատրումը եղած է 2014  թուականին Պէյրութի մէջ։ 

 

 Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի, յուղարկաւորման եւ թաղման մանրամասնութիւնները պիտի հաղորդուին աւելի ուշ։