Արտաշատի բժշկական կեդրոնին մէջ լոյս աշխարհ եկած են երկու տղաներ. ծնողները Արցախի Քաշաթաղի շրջանէն տարհանուած եւ հանգրուանած են Արարատի մարզ։
Բժշկական կեդրոնէն կը յայտնեն, որ խորհրդանշական անուններով փոքրիկ Մոնթէն եւ Նժդեհը ծնած են 7 քոյրերէ եւ 4 եղբայրներէ ետոյ՝ համալրելով բազմազաւակ ընտանիքը։
Երեխաներուն ու իրենց մօր՝ 39-ամեայ Մարիամի վիճակը լաւ է։