image

Պոլիս. Այց՝ Պալեան ընտանիքի յուշադամբանին

Պոլիս. Այց՝ Պալեան ընտանիքի յուշադամբանին

Հայճար Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան կազմակերպութեամբ, օրերս, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, տասներորդ անգամ ըլլալով այցելութիւն տրուած է Պալեան ընտանիքի յուշադամբանին՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Պոլսոյ ճարտարապետական ժառանգութեան մէջ մեծ ներդրում ունեցած ընտանիքին։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Հայճար Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու Միութեան կազմակերպութեամբ եւ Սկիւտարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին հիւրընկալութեամբ, Պալեան ընտանիքի յուշադամբան այցելութիւնը այս տարի եւս տեղի ունեցաւ՝ տասներորդ անգամ, 26 Սեպտեմբեր 2026, Շաբաթ միջօրէին, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ։ Ներկայ էին նաեւ թաղի զոյգ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան եւ Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։

Յուշադամբանին առջեւ տեղի ունեցած հոգեհանգստեան կարգէն ետք խօսք առաւ «Հայճար»ի վարչութեան ատենապետ Նատին Փիլիկօղլու եւ նշեց, որ Պալեան ընտանիքի ստեղծագործութիւնները մինչեւ այսօր կը շարունակեն ապրիլ՝ իբրեւ Իսթանպուլի ինքնութեան մէկ մասը։ Ան ընդգծեց, որ Պալեան ընտանիքի արժէքը պիտի պահպանուի այնքան ատեն, որքան անոնց գործերը կը ներկայացուին եւ նոր սերունդներուն կողմէ կը ճանչցուին։

Այնուհետեւ խօսք առաւ Հրաչ Քըրմըզըեան, որ իր եղբօր՝ Յակոբ Քըրմըզըեանի հետ միասին աջակցած էր յուշադամբանի կառուցման։ Ան յիշեց երկու անձեր, որոնք մեծ ներդրում ունեցած էին յուշադամբանի իրականացման գործին մէջ եւ որոնք այսօր այլեւս մեզ հետ չեն՝ այդ շրջանի Իսթանպուլի մայր քաղաքապետ Քատիր Թօփպաշ եւ յուշադամբանի նախագծի հեղինակ, ճարտարապետ Դաւիթ Այնալը։

Ապա խօսք առաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ անդրադարձաւ Պալեան ընտանիքի կարեւոր դերին՝ Պոլսոյ ճարտարապետական դիմագիծի ձեւաւորման մէջ։ Ան շեշտեց նաեւ Պալեաններու թողած ճարտարապետական ժառանգութեան ճանաչման եւ զայն նոր սերունդներուն փոխանցելու կարեւորութիւնը։

Յուշադամբանի մէջ տեղի ունեցած արարողութենէն ետք այցելութիւն տրուեցաւ Պետրոս Դուրեանի շիրիմը։ Այստեղ տեղի ունեցած հոգեհանգիստէն ետք Հրանդ Տինք Վարժարանի աշակերտները արտասանեցին բանաստեղծութիւններ։ Ծրագիրը շարունակուեցաւ Մատթէոս Զարիֆեանի շիրիմ այցելութեամբ։

Այցելութեան աւարտին մասնակիցները համախմբուեցան Սկիւտարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան պատրաստած հիւրասիրութեան շուրջ։