Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հասնելու համար բոլոր ջանքերը գործադրելու Անգարայի պատրաստակամութեան մասին։ Այս մասին ան յայտնած է Հոկտեմբեր 31-ին Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
Այս մասին հաղորդած է «Անատոլու» գործակալութիւնը։
Էրտողանի խօսքով՝ կողմերը մանրամասն քննարկած են հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած դիւանագիտական ջանքերու աշխուժացումը եւ Սեւ ծովուն մէջ ապահովական իրավիճակը։
Թուրքիոյ նախագահը ընդգծած է, որ քաղաքացիական նաւերու վրայ յարձակումներն ու Սեւ ծովուն մէջ լարուածութեան սաստկացումին ուղղուած գործողութիւնները կողմերէն ոչ մէկուն օգուտ պիտի բերեն։
Էրտողան նաեւ յոյս յայտնած է, որ թրքական ընկերութիւնները, որոնք հակառակ պատերազմին կը շարունակեն գործել Ուքրանիոյ մէջ, էական ներդրում պիտի ունենան երկրի վերականգնման գործին մէջ։