image

Lufthansa-ն գործադուլի պատճառով չեղարկած է թռիչքներու 80 տոկոսը

Lufthansa-ն գործադուլի պատճառով չեղարկած է թռիչքներու 80 տոկոսը

Գերմանիոյ առաջատար Lufthansa օդանաւային ընկերութեան ցամաքային անձնակազմի նախազգուշական գործադուլը, որ սկսած էր հինգշաբթի, աւարտած է շաբաթ առաւօտեան, ուստի վերջին երկու օրուան ընթացքին օդանաւային ընկերութիւնը յաջողած է իրականացնել բոլոր ծրագրուած թռիչքներու միայն 10-20%-ը։ Այդ մասին տեղեկացուցած է «Արմէնփրես»-ը։ 

«Lufthansa-ի ցամաքային անձնակազմն աւարտեց երկօրեայ նախազգուշական գործադուլը։ Աշխատակիցներն աշխատանքի վերադարձած են իրենց հերթափոխի մեկնարկին` ժամը 7:10-ին։ Վերջին երկու օրուան ընթացքին նախատեսուած թռիչքներու միայն 10%-էն 20% իրականացուած է »,- ըսուած է ընկերութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

Նշուած է, որ չնայած անձնակազմի կողմէ աշխատանքի վերսկսման՝ օդանաւային ընկերութիւնները կը զգուշացնեն թռիչքներու հնարաւոր չեղարկման մասին։

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Գերմանիոյ երկրորդ խոշոր արհմիութիւնը՝ Ver.di-ն, յայտարարած է երկրի առաջատար Lufthansa օդանաւային ընկերութեան ցամաքային անձնակազմի հերթական գործադուլի մասին։ Արհմիութեան տուեալներով՝ ընկերութիւնը չի բաւարարեր հիմնական պահանջը, այն է՝ աւելցնել աշխատավարձերը, բայց ոչ պակաս, քան 500 եւրոյով։ Բանակցութիւններու հինգերորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ 13-14 մարտին։