image

Սփիւռքահայ լրագրող-յօդուածագիրներու համար լրագրողական մրցոյթ

Սփիւռքահայ լրագրող-յօդուածագիրներու համար լրագրողական մրցոյթ

Հայաստանի «Տնտեսական լրագրողներու ակումբ»ը սփիւռքահայ լրագրող-յօդուածագիրներու համար յայտարարած է լրագրողական եւ հետազօտական նիւթերու մրցոյթ՝ «Աշխարհի մէջ հանքարդիւնաբերութեան հեռանկարները․ Հայաստանն այդ համապատկերին մէջ» ընդհանուր թեմայով։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ «Տնտեսական լրագրողներու ակումբ»էն  ստացած ծանուցում-հաղորդագրութենէն, որ երկու լեզուով՝ հայերէն եւ անգլերէն, կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Հայաստանի Տնտեսական լրագրողներու ակումբը սփիւռքի մեր գործընկերներու համար կը յայտարարէ լրագրողական եւ հետազօտական նիւթերու մրցոյթ՝ հետեւեալ թեմաներով.-

  1. «Հանքարդիւնաբերութիւն․ Աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ»
  2. «Հանքարդիւնաբերութիւն․ կայուն զարգացում, բնապահպանական ընկերային կառավարչական խնդիրներ»

Նիւթերը կրնան ըլլալ տարբեր ժանրերով (տեղեկատուական - լրագրական ժապաւէն (reportage), հարցազրոյց, մասնագիտական վերլուծութիւն, ակնարկ եւ այլն)։ Նիւթին մէջ պէտք է ներկայացուի ինչպէս ոլորտի համաշխարհային զարգացումները, այնպէս ալ Հայաստանի դիրքաւորումը։ Նաեւ պէտք է իւրաքանչիւր մասնակից, ըստ ընտրած թեմային, նիւթին մէջ ներկայացնէ իր բնակութեան երկրին մէջ հանքարդիւնաբերութեան պատկերը ներկայացնող տուեալներ։

Մրցոյթի չափորոշիչները

Նիւթի ներկայացման արհեստագիտական որակը․ կառուցուածքը,  զանգուածային հաղորդամիջոցի (multimedia) գործիքներու օգտագործումը (ըստ ընտրուած ժանրի) 

Մասնագիտական չափանիշեր եւ բարոյագիտութիւն․ հաւասարակշռութիւն, փաստերու ստուգում, ճշգրտութիւն, բազմակարծութիւն, նորարարութիւն, վերլուծական մօտեցում, տեղեկատւութեան նշանակութիւն

Մրցոյթի պայմանները եւ վերջնաժամկէտը

Մրցոյթին պէտք է ներկայացուին 2024 թուականի մայիս 15-էն մինչեւ Օգոստոս 20-ն ինկած ժամանակահատուածին բնակութեան երկրի որեւէ լրատուամիջոցի մէջ հրապարակուած լրագրողական նիւթերը։ Աշխատանքները պիտի գնահատուին մասնագիտական յանձնաժողովի կողմէ։ Ներկայացող նիւթերու քանակական սահմանափակում չկայ: 

Ընտրուած աշխատանքներու հեղինակները պիտի ստանան դրամական պարգեւներ եւ հաւաստագրեր: Իւրաքանչիւր ձեւաչափի համար պիտի սահմանուի մէկ մրցանակ:  

Նիւթերը պէտք է  ուղարկել info@ejc.am ել-նամակի հասցէին։

****

Journalistic competition

Prospects of mining in the world. Armenia in that panorama

The Economic Journalists Club among our partners in the diaspora announce a competition for journalistic and research articles on the following topics-

  1. "Mining. Geopolitical challenges and opportunities"
  2. "Mining. sustainable development environmental management issues"

The articles (topics) can be of different genres (reportage, interview, professional analysis, review, etc.). The  article (topic) should reflect both global events in this area and the position of Armenia. Also, each participant, according to the chosen topic, should present in the article data representing the image of mining in the country of his residence. 

Competition criteria

Professional quality of material presentation. the structure, the use of mass media (multimedia) tools (according to the chosen genre)

Professional standards and ethics. balance, fact-checking, accuracy, pluralism, innovation, analytical approach, significance of information

Competition terms and deadline

Journalistic articles published between May 15 and August 20, 2024 are accepted for the competition.

The articles will be evaluated by a professional committee. The number of submitted articles (topics) ls is not limited. The authors of the selected works will receive cash prizes and certificates. There will be one prize awarded for each format. 

Materials should be sent to the following email address info@ejc.am