image
Հրատապ լուրեր:

Ատոմ Էկոյեանը կը վերադառնայ «Ոսկէ ծիրան»․փառատօնը պիտի բացուի անոր նոր ֆիլմով

Ատոմ Էկոյեանը կը վերադառնայ «Ոսկէ ծիրան»․փառատօնը պիտի բացուի անոր նոր ֆիլմով

Գանատահայ բեմադրիչ, բեմագիր Ատոմ Էկոյեան կը վերադառնայ Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօն։ Տեղեկութիւնը յայտնած է շարժանկարի փառատօնի մամուլի ծառայութիւնը։

Նշուած է, որ Էկոյեանն այս տարուան կարճամեթրաժ ֆիլմերու ժիւրիի նախագահն է։ Բացի այդ, Էկոյեանի բարձր գնահատանքի արժանացած նոր շարժանկերը՝ «Եօթ քօղ»ը, որու առաջնային դիտումը կայացած է նախորդ տարուան Թորոնթոյի շարժանկարի փառատօնին, 21-րդ «Ոսկէ ծիրանի» բացման ֆիլմն է։

«Սա Ռիխարտ Շթրաուսի «Սալոմէ» օփերայի կլանիչ ու վառ պատկերային վերաիմաստաւորումն է, ուր Ամանտա Սէյֆրիտը կը փայլի թատերական բեմադրիչի դերով, որ կը ջանայ կեանքի կոչել Սալոմէի աստուածաշնչեան պատմութեան սեփական մեկնութիւնը։ Ֆիլմը պիտի ցուցադրուի ոչ միայն բացման, այլեւ փառատօնի ընթացքին՝ որպէս «երեւանեան նախադիտում»»,–նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Նշենք, որ փառատօնի ընթացքին Էկոյեանը պիտի արժանանայ Փարաջանովեան թալեր մրցանակին՝ շարժանկարի ունեցած աւանդի համար։

Յիշեցնենք` «Ոսկէ ծիրան»ը այս տարի տեղի պիտի ունենայ յուլիս 7-14-ը։ Այս տարի եւս միջազգային շարժանկարի տօնը հանրութեան պիտի ներկայացնէ մրցութային շարժանկարներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ, ինչպէս նաեւ ֆիլմեր ամենահեղինակաւոր (Քաննի, Պեռլինի եւ այլն) շարժանկարի փառատօներէն: Հայաստան պիտի ժամանեն շարժապատկերի համաշխարհային դէմքեր, որոնք իրենց փորձն ու արուեստը պիտի ներկայացնեն շարժանկարասէրներուն։